Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՄՈՒՐԱՏ ԷԶԷՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Լուսանկարիչ Մուրատ Էզէր այս շաբաթավերջին գեղարուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսով, որ կը կոչուի «Իսթանպուլահայերը»։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս, «Արէտ-Մոնիք Երկանեան» սրահի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ Մուրատ Էզէրի լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որու բացումը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընդունելութիւնով մը։ Հայկական համայնքային կեանքէն զանազան դրուագներ ներկայացուած են այս ցուցահանդէսի ծիրէն ներս։ Մուրատ Էզէր ներկայացուցած է 113 լուսանկար, որոնց արժէքն ու նշանակութիւնը կը ցոլանայ՝ մեր համայնքի ընկերային ապրումներէն վառ պահեր ներկայացնելու մէջ։
Վաղը երեկոյեան արդէն իր աւարտին պիտի հասնի Մուրատ Էզէրի եռօրեայ այս անհատական ցուցահանդէսը։
Շաբաթ, Մարտ 3, 2018
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024