ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի յարկէն ներս Ս. Զատկուան նախորդող շրջանին ապրուեցաւ արտասովոր խանդավառութիւն։ Թէ՛ դպրոցէն ներս եւ թէ դուրս, տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցան շարք մը ծրագրեր, որոնց շնորհիւ տղաքը հաղորդ դարձան տաղաւարի խորհուրդին։ Թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանն ալ տօնական շրջանին հայրաբար միացաւ տատեանցի սաներուն։ Այս շրջագծով յատկանշական էր տատեանցի աշակերտներուն Աւագ շաբթուան ուխտագնացութիւնը՝ դէպի Վոսփորի եւրոպական ափի մեր եօթ եկեղեցիները։ Իրենց հետ էր նաեւ տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։ Իւրաքանչիւր հանգրուանին Տէր Հայրը ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ աշակերտներուն, որոնք հնարաւորութիւն ունեցան պատկերացնելու մեր հայրերու հաւատքին խորութիւնը եւ քաղաքի անցեալին մէջ հայոց ունեցած ստուար ներկայութիւնը։
Միւս կողմէ, նախընթաց օր Տատեանի ընտանիքը արտասովոր խանդավառութիւն ապրեցաւ նաեւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնին առթիւ։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Առաջին դասարանի ուսուցչուհիներ՝ Սելին Սիմսար, Նաթալի Զէքի եւ Ժալէ Պալճը այս առթիւ մասնաւոր ուրախութիւն ապրեցան՝ իրենց փոքրիկ սաներու յաջողութեան բերումով։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, Տատեան վարժարանի ուսուցչաց կազմին եւ ծնողաց միութեան ներկայացուցիչները։