ԾԱՂԻԿ ՉՈԼԱՔԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Տա­տեան վար­ժա­րա­նի խումբ մը շրջա­նա­ւարտ­ներ Պա­գըր­գիւ­ղի մա­րի­նա­յի «Քա­զան­ճը­լար» ճա­շա­րա­նին մէջ մե­ծա­րան­քի հա­ւա­քոյթ մը կազ­մա­կեր­պե­ցին ի պա­տիւ վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Ծա­ղիկ Չո­լա­քի, որ այս տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին հանգս­տեան կո­չուե­ցաւ թա­ղի վար­ժա­րա­նէն։ Իր զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ սա­նե­րուն կող­մէ շրջա­պա­տուած՝ մե­ծա­րեա­լը ա­ռար­կայ դար­ձաւ բո­լո­րի յար­գան­քի եւ հա­մակ­րան­քի զգա­ցում­նե­րուն։

Յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Հեր­մի­նէ Չը­նար, Թա­թիա­նա Պոս­տան, Դա­լար Մա­թա­թեան եւ Սիլ­վա Տու­ման։ Ձեռ­նար­կի մաս­նա­կից­նե­րը յու­շա­նուէր մըն ալ պատ­րաս­տած էին վաս­տա­կա­շատ կրթա­կան մշա­կին հա­մար։

Ճաշ­կե­րոյ­թի ա­ւար­տին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս հա­տուե­ցաւ նաեւ Ծա­ղիկ Չո­լա­քի հա­մար պատ­րաս­տուած կար­կան­դա­կը։ Իր հեր­թին, մե­ծա­րեալ կրթական մշակն ալ սրտի խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց իր սա­նե­րուն, ո­րոնք այն­քան յար­գա­լիր եւ ե­րախ­տա­գէտ վե­րա­բեր­մունք ցոյց տուին ի­րեն նկատ­մամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015