Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՍԻԼՎԱ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ
Երէկ, Երեւանի մէջ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալեց Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանը, որուն հետ էր նաեւ իր ամուսինը՝ Արտաշէս Մարկոսեան։ Հրանոյշ Յակոբեան այս առթիւ Սիլվա Գույումճեանին յանձնեց անցեալ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ իրեն շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը։
Այս առթիւ Հրանոյշ Յակոբեան դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ Սիլվա Գույումճեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան մասին։
Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015