ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Սիրալիր մթնոլորտին մէջ կայացած քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին երկու հոգեւոր պետեր գաղափարի փոխանակումներ ունեցան առօրեայ խնդիրներու կապակցութեամբ եւ մաղթեցին, որ համաշխարհային չափանիշով տարածում գտած համավարակը վերջ գտնէ եւ մարդկութիւնը վայելէ բնականոն կեանքի պայմանները։ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպման աւարտին որպէս յիշատակ նուիրեց իր հեղինակած «Երկու ուխտաւորներ» գիրքէն օրինակ մը։ Գերապայծառ տէրը այս առիթով ընծայուած հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց մեր հոգեւոր պետին եւ բաժնուեցաւ Պատրիարքարանէն։ 

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021