ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՓՐՈՖ. ՅԱԿՈԲ ԿՈԹՈՂԵԱՆԻ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ մինի-ֆութպոլի մրցում մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ անմոռանալի մորթաբան հոգելոյս Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի։ Կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս տեղի ունեցաւ այս մրցումը, որուն ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ իր ընկերները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան, Յակոբ Կոթողեանի ընտանիքը եւ մարզասէրներ։ Մրցումէն առաջ Կոթողեան ընտանիքը հոգեճաշ մը տուաւ Կազդուրման կայանի փոքրիկներուն։

Հանգուցեալ Յակոբ Կոթողեանի յիշատակի ոգեկոչման համար կազմակերպուած մրցման իրաւարարն էր Շահան Քիւչիւքպինկէօլ։ Պատանի մարզիկները հաճելի խաղ մը իրականացուցին՝ արժանանալով հանդիսատեսներու գնահատանքին։ Մրցման աւարտին բոլորին յանձնուեցան մասնակցութեան վկայականներ։ Մեր ազգայիններէն Լեւոն Քուզիքօղլուն ալ բացատրութիւններ տուաւ Յակոբ Կոթողեանի ֆութպոլի նկատմամբ տածած սիրոյն մասին։  

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018