ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րուն Ա­մա­նո­րի ա­ւան­դա­կան խրախ­ճան­քը։ Հո­գա­բար­ձու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ տա­րուած էին ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա­յի կող­մէ։ «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հի եր­դի­քին տակ հա­մախմ­բուած մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րուն ան ուղ­ղեց ող­ջոյ­նի խօսք մը՝ բո­լո­րին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թանք­ներ յղե­լով Նոր տա­րուան առ­թիւ։

Ե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը սկսաւ հի­ւան­դա­նո­ցի զա­նա­զան բա­ժին­նե­րու հի­ւան­դա­սե­նեակ­նե­րով կա­տա­րուած շրջայ­ցով։ Նուէրներ յանձ­նուե­ցան այն հի­ւանդ­նե­րուն, ո­րոնք ան­կող­նոյ կը ծա­ռա­յեն։ Ա­ւե­լի վերջ մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ Սիլ­վա Թրի­քա եւ հի­ւան­դա­նո­ցի այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քով բաժ­նե­կից ե­ղան ա­նոնց տօ­նա­կան շրջա­նի զգա­ցում­նե­րուն։ Բա­րե­մաղ­թանք­նե­րով յատ­կան­շուած մի­ջա­վայ­րի մը մէջ Կա­ղանդ պա­պուկն ալ յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նեց մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րուն։

Վա­հան Յա­կո­բեա­նի կող­մէ գոր­ծադ­րուած ե­րաժըշ-տա­կան յայ­տագ­րով բո­լո­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։ Այս­պէ­սով մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ազ­գին տու­նէն ներս տո­գո­րուե­ցան տա­րի մը եւս ող­ջու­նե­լու բախ­տին ար­ժա­նա­ցած ըլ­լա­լու յու­զու­մո­վ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2016