ԱՄԱՆՈՐԻ ՈԳԵՒՈՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Համայնքային շրջանակները բարձր տրամադրութեամբ կ՚ողջունեն Ամանորի գալուստը։ Նոր տարուան առթիւ տօնական զանազան ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան թրքահայ բազմաթիւ հաստատութիւններու երդիքին տակ։ Անշուշտ, վաղը գիշեր՝ 2023-ի առաջին քայլափոխին այդ բոլորը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի։ Համայնքային զանազան երդիքներու տակ նախատեսուած են տօնակատարութիւններ, նաեւ համայնքային զանազան շրջանակներ կամ խումբեր այլ միջավայրերու մէջ ալ նախատեսած են խրախճանքներ։

Այս ամբողջին մէջ երէկ երեկոյեան Ամանորի շատ ոգեւոր խրախճանք մը տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի մէջ, ուր կը տիրէր արտասովոր մթնոլորտ։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վառ յոյսերով եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններով ողջունեց 2023 թուականը։ Աւանդական խրախճանքը տեղի ունեցաւ՝ թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Մէրամէթճեան վարժարանի շրջափակէն ներս լարուած մեծ վրանին տակ։ Ներկայ էին Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն բազմաթիւ վարիչներ, հոծ թիւով թաղեցիներ եւ մեր համայնքի բազում անդամներ։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ժպիտ Իսքենտէրօղլուի։ Ողջոյնի խօսքով մը ներկաներուն դիմեց վարժարանի տնօրէնուհի Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիս։

Երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական ճոխ յայտագիր մը։ Այսպէս, իրերայաջորդ բեմ առին՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ Մէրամէթճեան վարժարանի երգչախումբը, Լիոնա Սիւզմէ, Մէրամէթճեան վարժարանի պարախումբը։ Յատկանշական էր դպրոցի անձնակազմին խմբերգը՝ Մեհմէտ Ալի Սանի կիթառի նուագակցութեամբ։ Ծափահարութիւններու արժանացաւ նաեւ «Պակաս» խումբը, որուն մաս կը կազմեն Արթուն Արծիւեան, Ալեք Ատիս Քըլըճեան, Լիա Վարդանեան, Ալէն Ցնծալ եւ Արէս Լիսան։ Հուսկ, բեմ առաւ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան, որուն նուագակցեցան Սեւան Կարապետեան եւ Ռոպէր Տողանայ։

Խրախճանքի բազմահարիւր մասնակիցները աննախընթաց խանդավառութեամբ ողջունեցին Կաղանդ պապուկի ժամանումը, մինչ դպրոցի ծնողաց միութեան ջանքերով տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը՝ աւանդական նուռերու վրայ փակցուած թիւերու միջոցաւ։

Խրախճանքի ողջ տեւողութեան ներկաներուն մատուցուեցան նաեւ տօնական շրջանի բնորոշ ուտեստներ եւ ըմպելիներ։ 

Հրաժեշտի փուլին, ձեռնարկի վառ տպաւորութիւններով բոլորը ջերմօրէն զիրար շնորհաւորեցին Ամանորի առթիւ։

   

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2022