ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԲ ՔԱՂԱՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ներկայ տարեմուտին պիտի այցելէ Երուսաղէմ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գահակալութեան շրջանին առաջին անգամ պիտի մեկնի Սուրբ Քաղաք։ Պոլսոյ մէջ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութիւններուն նախագահելէ վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը Երուսաղէմ պիտի ուղեւորուի եւ այնտեղ եւս մասնակցութիւն պիտի բերէ Սուրբ Ծնունդի արարողութիւններուն։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի հրաւէրին ընդառաջ տեղի պիտի ունենայ այս այցելութիւնը, որու ծրագիրը բացի Երուսաղէմէն, անշուշտ, պիտի ընդգրկէ նաեւ Բեթհեղէմը։ Պոլիսէն ուխտաւորներ ալ պիտի մասնակցին այս յատկանշական իրադարձութեան։ Ս. Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս հիւրընկալուելու առընթեր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շփումներ պիտի ունենայ նաեւ Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։

Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Պատրիարքական աթոռներու յարաբերութիւններուն բնորոշ երեւոյթ դարձած են՝ վերջին տասնամեակներուն գահակալներու խտացած փոխադարձ այցելութիւնները։ Պոլիսէն դէպի Երուսաղէմ այցերը առիթ կը դառնան ուխտագնացութիւններու։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022