ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԸՆԴԱՌԱՋ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս 2023 թուականին պիտի նշուի յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը կը նշէ իր 90-ամեակը։ Ներկայ տարին երգչախումբի կազմաւորման 90-ամեակն էր, բայց եւ այնպէս, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը յարմար դատած է յոբելենական ծրագիրը կեանքի կոչել տարեդարձի լրանալէն վերջ։ Սա, անշուշտ, միայն Ֆէրիգիւղի ընտանիքի վերաբերեալ յոբելեան մը չէ՝ քանի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը թրքահայ համայնքի ամենայաւակնոտ տարրերէն է եւ միշտ հանդէս կու գայ յաջողութեամբ։

Տնօրէն խորհուրդը յոբելենական շրջանի մեծ համերգին համար անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներուն ձեռնարկած է վարչակազմակերպչական գետնի վրայ։ Խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի գլխաւորութեամբ, տարեմուտի տօներէն անմիջապէս վերջ պիտի խտանան յոբելենական համերգի պատրաստութիւններն ու փորձերը։ Սիպիլ Արսէնեան կը նախատեսէ այս բացառիկ առիթով երգչախումբի երգացանկին վրայ ընդգրկել նաեւ Եւրոպայի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, որոնց մեկնաբանութիւնը կրնայ ցոլացնել երգչախումբի կատարողական կարողութիւնները։

Համերգին յստակ վայրն ու թուականը թէեւ տակաւին չեն ճշդուած, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ ծրագիրը կեանքի կոչուի ամառնամուտին։ Վարդանանց երգչախումբի այս յոբելեանը կը զուգադիպի որոշ չափով սերնդափոխութեան շրջանի։ Երկար տարիներ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի մականին ներքեւ գործած եւ բազում գագաթներ նուաճած այս երգչախումբը ներկայիս ունի նոր վարիչ մը. յանձինն՝ Սիպիլ Արսէնեանի։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022