ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Դեկտեմբերի 15-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնը եւ Ալթըմէրմէրի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն է։ Տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները խնդրեցին, որ նորին սրբազնութիւնը նախագահէ արարողութիւններուն։ Զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը սիրով ընդառաջեց խնդրանքին, տեղեկութիւններ քաղեց Ալթըմէրմէրի եկեղեցւոյ վիճակին շուրջ եւ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիներուն փոխանցեց օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Բաց աստի, երէկ Պատրիարքարան այցելեցին նաեւ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը այս շաբաթավերջին տօնական շրջանի համազօր հանդիսութիւններ պիտի վայելէ։ Ինչպէս ծանօթ է, թաղի եկեղեցին երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր վերանորոգման մէջ։ Աշխատանքներու աւարտին, շաբաթավերջին Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցին պիտի օծուի եւ պիտի վերաբացուի պաշտամունքի։ Օր մը վերջ ալ նախատեսուած է Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ուստի, այս երկու յատկանշական արարողութիւններուն ընդառաջ Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, այցելեցին Գումգաբու։ Զրոյցի ընթացքին անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցիէն ներս տարուած աշխատանքներուն եւ թաղի ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ մեր այս հայահոծ թաղի հաւատացեալներու աղօթքի տունը բարեկարգուած եւ խնամուած է։ Ան օրհնեց Պաքըրգիւղի ընտանիքին կողմէ տարուած գործունէութիւնը, գնահատեց թաղային խորհուրդի ջանքերը եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու կարողութեան մաղթանքը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2018