ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ «ՂԱԶԱՐՈՍ ՈՒՆԱՆ» ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքերը, որոնք վերջին շրջանին արժանացան մարզասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան, ներկայիս հետզհետէ կը հասնին իրենց աւարտին՝ մրցանակաբաշխման խանդավառ հանդիսութիւններով։ Ֆութսալի եւ պասքեթպոլի մրցանակաբաշխութիւններուն առընթեր, վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ նաեւ «Ղազարոս Ունան» վոլէյպոլի մրցաշարքին եզրափակիչ հանգրուանը։ Շիշլիի հաւաքատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման երեկոյթը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն։ Մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլորը, մինչ այդ անոնք յուշանուէր մըն ալ վերապահած էին ակումբի վաստակաշատ կամաւորներէն Նազար Հանչէրին համար։ Քառասուն տարի առաջ Շիշլիի վոլէյպոլի խումբին մաս կազմած ինն մարզիկներ ալ նոյն երեկոյթին ընթացքին առարկայ դարձան ակումբի երախտագիտութեան զգացումներուն։ Նախկին մարզիկներուն յանձնուեցան զանազան յուշանուէրներ։
«Ղազարոս Ունան» վոլէյպոլի մրցաշարքին դափնեկիրը հանդիսացաւ «Թաթավլա» խումբը, որուն յաջորդեցին «Էսաեան», «Ամա» եւ «Ներկայ»։