ԲԱԶՄԱՊԱՏԻԿ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Ս. Աստուածածնի տաղաւարի նախօրեակին համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը վերստին կեդրոնացած է Վաքըֆլըգիւղի վրայ։ Տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ աւանդական շուքով։ Այս տարի արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու կողքին պիտի ըլլան Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ այլ հոգեւորականներ։

Վաքըֆլըգիւղի մէջ վերջին տարիներուն ստեղծուած է մեծ եռուզեռ մը։ Եկեղեցւոյ գտնուած բլուրի լանջին ձեռնարկուած շինարարական աշխատանքները հանդիսացած են այդ աշխուժութեան հիմնական գործօնը։ Մօտաւորապէս երեք տարիէ ի վեր Վաքըֆլըգիւղի մէջ յառաջ կը տարուի շինարարական լայն աշխատանք մը։ Հովուատան ու յարակից համալիրի կառուցումը մեծ աշխուժութիւն ստեղծած է գիւղէն ներս։ Ներկայիս արդէն աշխատանքները գրեթէ ամբողջութեամբ հասած են իրենց աւարտին։ Հետեւաբար, Ս. Աստուածածնի տաղաւարին օրը բոլոր հաւատացեալները ականատես պիտի ըլլան այս կարեւոր ձեռքբերման։ Նախապէս ալ զանազան առիթներով գրած էինք, որ գիւղի կենսունակութիւնը երաշխաւորելու տեսակէտէ նախախնամական նշանակութիւն ունի այս համալիրին կառուցումը։ Ուրեմն, անոր երկինք խոյացած ըլլալը կը համարուի գործօն մը, որ կրնայ բազմապատկել այս տարուան Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններուն եւ յարակից աւանդական խրախճանքին խանդավառութիւնը։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր ազգայիններէն Միհրան Ուլիկեանը, որ միշտ կը զօրակցի Վաքըֆլըգիւղին։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին ան մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեց գիւղի վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ձեռնարկներու ժամանակացոյցին մասին։ Ըստ Ուլիկեանի, 13 Օգոստոսի Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւններէն վերջ, 26-27 Օգոստոսի շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը։ Վերջին տարիներուն հետեւողականօրէն կազմակերպուած այս ձեռնարկը արդէն դարձած է աւանդական։ Իսկ շուրջ երկու շաբաթ անց, 17 Սեպտեմբերին, Վաքըֆլըգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ նորակառոյց համալիրի պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Խաչվերացի տօնին պիտի զուգադիպի այս բացումը։ Սա օր մըն է, որ առանձնայատուկ տեղ մը ունի ամբողջ մուսալեռցիներու պատմական յիշողութեան մէջ։ Եւ ահա այդ նոյն Խաչվերացի օրը Վաքըֆլըգիւղի մէջ նորակառոյց համալիրին բացումը պիտի կատարուի եւ այդ մէկն ալ պիտի գայ միանալ գիւղի հարուստ պատմական ժառանգութեան, պիտի գայ միաձուլուիլ այդ մէկուն հետ։ Հաթայի կուսակալին գլխաւորութեամբ՝ շրջանի պետական գործիչներն ալ հրաւիրուած են այս բացման արարողութեան։

Երէկուան մեր հաճելի զրոյցին ընթացքին Միհրան Ուլիկեան հերթական անգամ կրկնեց, որ մեր համայնքը անպայման պէտք է նախանձախնդրութիւն ցուցաբերէ՝ մեր երկրի սահմաններէն ներս մնացած հայկական միակ գիւղի ճակատագրին նկատմամբ։ Վաքըֆլըգիւղի ապագան պէտք է անպայման երաշխաւորուի, որովհետեւ սա ուղղակիօրէն առընչուած է արեւմտահայոց ժառանգութեան տէր կանգնելու գործին եւ ընդհանրապէս թրքահայութեան՝ իր ամբողջութեան, իր ճոխութեան մէջ յարատեւման պայքարին։ Այս սկզբունքները իւրացուցած ըլլալով Միհրան Ուլիկեան վերջին տարիներուն կը տանի անփոխարինելի աշխատանք։ Ան, բառին բուն իմաստով կամուրջ մը, միացնող օղակ մը կը հանդիսանայ Իսթանպուլի եւ Վաքըֆլըգիղի միջեւ։ Համայնքէն ներս երկար տարիներ գործունէութիւն ծաւալած ըլլալով՝ ան ունի լայն փորձառութիւն ու կը վայելէ համատարած յարգանք եւ համակրանք։ Նկատի ունենալով, որ 1990-ականներու երկրորդ կէսին Ուլիկեան ներգրաւուած էր նաեւ Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ վերաշինութեան ծրագրին՝ իր վկայութիւններուն հիման վրայ իրեն կը տածուի մեծ վստահութիւն։ Միհրան Ուլիկեան այդ բոլորը ներկայիս կը ծառայեցնէ գիւղին համար նոր ձեռքբերումներ ապահովելու նպատակին։ Ատենապետ Ճէմ Չափարի կողմէ գլխաւորուած Վաքըֆլըգիւղի ծխական խորհուրդն ալ իր անձին մէջ գտած է հասուն ու համերաշխ գործակից մը, ուղեցոյց մը, որու տեսլականով եւ զոհողութիւններով հովուական համալիրի շինարարութեան ծրագիրը արդէն ի կատար ածուած է։

Միհրան Ուլիկեան երէկուան մեր զրոյցի սկիզբին ընդգծեց, որ Վաքըֆլըգիւղի հով-ւական համալիրի շինարարութեան նախագիծը իրեն տեսակէտէ ունեցած է բարոյական պատասխանատուութեան նշանակութիւն։ «Արդարեւ, այս ծրագիրը մեր սիրելի Մեսրոպ Պատրիարքի վերջին կտակներէն մին էր», ըսաւ ան։ Միհրան Ուլիկեան ուրախ է, որ ներկայիս իրականութիւն դարձած է պատրիարքին կտակը։ Շուրջ երեք տարի առաջ տեղի ունեցած հիմնարկէքէն վերջ, գործերը յառաջացած են արդիւնաւէտութեամբ։ Մեր բարերարներուն աջակցութիւնը, մեր համայնքի ճարտարապետներէն Սասնուհի Մուշլեանի ազնիւ վերաբերմունքը, գիւղացիներու եռանդը անանտեսելի գործօններ հանդիսացած են այս արդիւնքին մէջ։ Այս պահու դրութեամբ արդէն չնչին գործեր մնացած են եւ մինչեւ պաշտօնական բացման արարողութեան օրը անոնք ալ պիտի հասնին իրենց աւարտին։

Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցւոյ յարակից հովուական համալիրը այնպիսի տարողութիւն մը ունի, որ կրնայ դիմագրաւել գիւղի մէկէ աւելի ընկերային կարիքները նոյնաժամանակ։ Արդարեւ, հովուատան առընթեր, համալիրը կ՚ընդգրկէ հիւրանոցի բաժին մը, արտադրամաս մը՝ գիւղի բնորոշ արտադրութիւնները պատրաստելու համար, դահլիճ մը եւ թանգարան մը։ Ամէն ինչով գրեթէ կատարեալ է այս համալիրը ներկայիս։ Միակ բացառութիւնն է թանգարանի բաժինը, որովհետեւ շուրջ տարի մը վերջ կարելի պիտի ըլլայ այդ մէկը հասցնել իր աւարտին։ Թէ՛ նիւթական անբաւարարութիւններու եւ թէ կազմակերպչական դժուարութիւններու բերումով յարմար դատուած է թանգարանին բացումը յետաձգել։ Ուլիկեան ուրախութիւն յայտնեց, որ Վաքըֆլըգիւղի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան այլեւս ունի կենցաղային տարրական պայմաններ՝ իր երէցկնոջ եւ երեխաներուն հետ։ Ուլիկեանի խօսքերով, ան նոր սերունդէ նուիրեալ քահանայ մըն է եւ իր սպասաւորութեան եռանդը կը պայմանաւորէ ամբողջ գիւղին մթնոլորտը։

Մեր երէկուան զրոյցին ընթացքին Ուլիկեան յայտնեց, որ համալիրի պաշտօնական բացման օրը միանշանակ հպարտութեան առիթ մը պիտի դառնայ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Իրենք չեն փափաքած, որ Ս. Աստուածածնի տօնը եւ համալիրի բացումը համընկնին։ Արդարեւ, տաղաւարը ստուերի տակ չձգելու տրամաբանութեամբ կատարուած կարգադրութիւն մըն է այս մէկը։

Ինչպէս մեր համայնքէն ներս կեանքի կոչուած նմանօրինակ շինարարական ծրագրերու պարագային՝ Վաքըֆլըգիւղի մէջ ալ նիւթական մեծ զոհողութիւններ անհրաժեշտ եղած են՝ ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։ Միհրան Ուլիկեան այս կէտին վրայ երախտագիտութեամբ մատնանշեց մեր բոլոր բարերարներուն կողմէ ցուցաբերուած պատրաստակամութիւնը, մասնաւորապէս առանձնացնելով Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի անունը։ Ան շնորհակալութեամբ ընդգծեց նաեւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ ցուցաբերուած պատրաստակամ վերաբերմունքը, մասնաւորապէս ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզի կողմէ առնուած քայլերը։ Մեր զրուցակիցը բացատրեց, որ պաշտօնական բացման հանդիսութեան օրը Վաքըֆլըգիւղի ընտանիքին անունով պատշաճ ձեւով երախտագիտութեան առարկայ պիտի դարձուին բարերարներն ու այն բոլոր անձերը, որոնք այս շինարարական ծրագրէն չեն զլացած իրենց նպաստը։

Այսքանէն վերջ, Միհրան Ուլիկեան դիտել տուաւ, որ շինարարութեան աշխատանքներուն համար Վաքըֆլըգիւղի եկեղեցին տակաւին ունի որոշ չափով պարտք։ Ընդհանուր արժէքով շուրջ 2 միլիոն լիրա պիւտճէ մը ունեցած է այս ծրագիրը եւ այդ պիւտճէին շուրջ 10 տոկոսը առայժմ կը մնայ բաց։ Ուլիկեանի խօսքերով, իրենք լիայոյս են, որ 26-27 Օգոստոսի շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ նախատեսուած խրախճանքը միեւնոյն ժամանակ առիթ մը պիտի դառնայ՝ որպէսզի մեր համայնքը հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձնէ Վաքըֆլըգիւղը։

Մեր զրոյցի բովանդակութենէն դուրս նշենք նաեւ հետեւեալը. կազմակերպչական գործերու մէջ ներդրած ամբողջ եռանդին առընթեր Միհրան Ուլիկեան Վաքըֆլըգիւղի այս կարեւոր ծրագրէն չէ զլացած նաեւ իր նիւթական աջակցութիւնը։ Համայնքային շրջանակներէն ներս արդէն բոլորը տեղեակ են իր տեսած շնորհակալ գործէն եւ յանձն առած նիւթական զոհողութիւններէն։ Այսինքն, ան այս արդիւնքին մէջ դեր ունեցած է նաեւ որպէս բարերար։

Միհրան Ուլիկեանի եւ Վաքըֆլըգիւղի ընտանիքի համագործակցութեամբ արձանագրուած այս յաջողութիւնը անտարակոյս երկարաժամկէտ նշանակութիւն պիտի ունենայ թրքահայութեան ապագային տեսակէտէ։

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2017