ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի։ Քաղաքավարական այս այցելութեամբ դիւանագէտները փափաքած էին առաւել ծանօթանալ հայ համայնքին։

Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այս այցելութեան համար եւ ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ համայնքի պատմականին ու ներկային մասին։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը զրուցեց ինչ-ինչ նիւթերու մասին եւ ի միջի այլոց անդրադարձաւ նաեւ վերջերս Անգարայի մէջ իրականացած մարդկային իրաւանց գործողութեանց ծրագրին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ ներկայիս հայ համայնքը՝ Թուրքիոյ թիւով ամենաբազմանդամ փոքրամասնական համայնքն է եւ իր կարողութեան ներած չափով միշտ պատրաստ է ներդրում բերելու երկրի առաւել եւս յառաջացման։ Ապա Պատրիարք Հայրը հիւրերուն նուիրեց եկեղեցական գոյքերու մասին պատրաստուած հատորներ։

Հանդիպման աւարտին հիւր դիւանագէտները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ջերմ ընդունելութեան համար։ Ապա անոնք առաջնորդութեամբ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի, ուղղուեցան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր տեղեկութիւններ ստացան տաճարի պատմականին եւ գործունէութեան մասին։

Շաբաթ, Մարտ 6, 2021