ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԹԻՒ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թրքահայութիւնը երէկ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Այս տարի քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մթնոլորտով թէեւ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները, սակայն, Ս. Ծննդեան աւետիսը թափանցեց մեր համայնքի անդամներու սիրտերէն եւ ընտանեկան յարկերէն ներս։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Նորին Ամենապատուութեան առընթերակայ էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքի ներկայացուցիչը։ Մեր քահանայից դասէն զանազան անդամներ ալ հետեւեցան արարողութիւններուն, մինչ երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Ս. Պատարագի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին ծանրացաւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին վրայ։ Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ, Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հանդիսաւոր Ջրօրհնէք։ Հուսկ, պատարագիչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ամպհովանիով, հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր կատարուեցաւ տնօրհնէքի կարգ։ Թէեւ ներկաներու թիւը բաւական սահմանափակ էր, սակայն բոլորը զիրար ողջունեցին անկեղծութեամբ եւ հոգեւոր ուրախութեամբ։ Արարողութիւններու աւարտին, դահլիճին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց Յունաց Պատրիարքի ներկայացուցիչը, որ իրեն ներկայացուց շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 7, 2021