ԹԱՐՄ ՅՈՅՍԵՐՈՎ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

Թրքահայութիւնը երէկ թարմ յոյսերով նոր շրջան մը թեւակոխեց՝ սրտաբուխ աղօթքներով տօնախմբուած Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորախորհուրդ տաղաւարին առթիւ։ Մեր համայնքի անդամները տօնական աւետիսով զիրար ողջունեցին եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին՝ վերանորոգելով եղբայրութեան զգացումներն ու դրական յարաբերութիւնները։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը, նաեւ Ս. Պատարագի աւարտին կատարեց հանդիսաւոր Ջրօրհնէք։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր քարոզին մէջ տօնական աւետիսով ողջունեց հաւատացեալները։ Հայահոծ թաղերու մեր եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալներ ամբողջութեամբ լեցուցած էին սրբատեղիները։ Խանդավառութենէն բաժին վիճակեցաւ նաեւ մեր այն եկեղեցիներուն, որոնց թաղեցիներու թիւը նօսրացած է։ Յամենայնդէպս, տաղաւարի հոգեւոր հրճուանքը զգալի դարձաւ մեր այն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, ուր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Յետմիջօրէին Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տաղաւարի պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համայնքային շրջանակներուն շնորհաւորութիւնները ընդունեց՝ իր կողքին ունենալով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ու վեղարաւոր հայրեր։ Այս տարուան ընդունելութիւնը ունէր առանձնայատկութիւն մը, քանի համայնքային նորընտիր վարիչները համախմբուեցան Գումգաբուի մէջ։ Ներկաներու շարքին էին նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւաքոյթի ընթացքին ողջունեց նորընտիր վարիչները եւ շեշտեց, որ աշխարհական գետնի վրայ վարչական առումով վերակազմակերպման անհրաժեշտութիւնը կը մնայ օրակարգային։ Թէեւ Պատրիարքական Աթոռը աշխարհական-վարչական գործերու միջամուխ դառնալու առանձնապէս ցանկութիւն չունի, սակայն, առկայ պարապութիւններուն եւ հետեւանքներուն դիմաց անտարբեր չի կրնար մնալ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը առանձնապէս կարեւորեց Սիրքեճիի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին կապակցութեամբ արձակուած դատավճիռը, ինչ որ կ՚ուրուագծէ նոր հորիզոն մը։ Այս կապակցութեամբ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, որուն յամառ ջանքերով ու վճռակամութեամբ ձեռնարկուած էր համապատասխան օրինական-իրաւական պայքարին՝ երբ ան կը պաշտօնավարէր որպէս ընդհանուր փոխանորդ։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, որ այժմու գործընթացը տակաւին նոր կը սկսի։

Բաց աստի, ան հերթական անգամ յիշեցուց, որ համայնքային ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է բաւական նուազ։ Յամենայնդէպս, հասարակական-ժողովրդական շրջանակներէն ներս ցուցաբերուած վերաբերմունքը վկայութիւն մը կը համարուի մեր համայնքի կենսունակութեան տեսակէտէ։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ աշխարհ կը դիմագրաւէ պատերազմներ եւ տնտեսական դժուարութիւններ, իսկ իրենք կ՚աղօթեն այդ բոլորի յաղթահարման համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ելոյթի աւարտին իրերայաջորդ արտայայտուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան, համայնքային երախտաշատ բարերարուհի Մոնիք Երկանեան եւ այլ դէմքեր։ Հակառակ, որ հաւաքոյթի բուն շարժառիթը օրուան տօնն էր՝ ընդունելութեան մթնոլորտը պայմանաւորեցին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ հարցերէն ծագում առած մեծ մտահոգութիւնները։ Քանի որ անհանգստութիւնները մեծ են եւ հաւանական հեռանկարները բաւական տագնապեցուցիչ՝ ծաւալուած քննարկումներն ալ անցան լարուած մթնոլորտի մէջ։

Հուսկ, հաւաքոյթը եզրափակուեցաւ աղօթքով, բոլոր ներկաները աջահամբոյրի համար մօտեցան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ իրենց նուիրեց աւանդական նուռեր։

 

Շաբաթ, Յունուար 7, 2023