ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԵՐԳԻՉ ՍԱՐԳԻՍ ՀԱՐՈՅԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խանդավառ համերգ մը։ Այսպէս, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն երիտասարդ երգիչ Սարգիս Հարոյեան։ «Երգեր հայրենի աշխարհէն» խորագրեալ ձեռնարկը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Կազդուրման կայանի տղոց առընթեր երեկոյթին մասնակցեցան կղզեբնակ երաժշտասէրներ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ իր գործակիցները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան եւ համայնքային շրջանակներէն այլ ծանօթ դէմքեր։

Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սեւան Աթաօղլու, որ դեր ստանձնած էր կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ։ Սարգիս Հարոյեանն ալ ողջունեց ունկնդիրները։ 2008, 2009 եւ 2010 թուականներուն ան երեք անգամ այցելած էր Իսթանպուլ։ Իսկ այս անգամ Սարգիս Հարոյեան արդէն Գնալըի բարձունքին է, ամուսնացած ու զաւկի մը հայր դարձած։ Ան ուրախութիւն յայտնեց հերթական համերգի առիթին համար։

Սարգիս Հարոյեան երգացանկի գործերը մեկնաբանեց հաղորդական ոճով՝ գրաւելով ունկնդիրներուն սիրտը։ Մէկուկէս ժամուան ընթացքին ան շուրջ քսան ազգային-ժողովրդական երգեր ներկայացուց՝ ստեղծելով բարձր տրամադրութիւն։ Պարուսոյց Յակոբ Կիւլէչի «Աւանդական» պարախումբի անդամներն ալ մասնակցութիւն բերին երեկոյթին։

Երեկոյթի աւարտին Սարգիս Հարոյեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը՝ մինչ երաժշտասէրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին զինքը։

 

 

Շաբաթ, Յուլիս 7, 2018