ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՄՐԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիի լողաւազանի մարզակումբին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ընթրիք մը։ Մխիթարեանցիներուն կողմէ կազմակերպուած ամրան աւանդական հաւաքոյթն էր այս մէկը, որով ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Մխիթարեանի ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր եւ համակիրներ համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ, ուր ունեցան հաճելի ժամանց եւ հիւրընկալուեցան շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկաներու շարքին էին Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Սուրբ Յակոբ հիւանդանուցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան մատակարար մարմնի ատենապետ Տքթ. Արման Գամար եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, տնօրէնուհիներէն Եւա Օրագեան եւ Էլտա Գարակէօզեան։ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Առլին Քենտիրլի եւ իր ընկերները շատ հաճելի եւ անմիջական մթնոլորտ մը ստեղծած էին հիւրերուն համար։ Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Առլին Քենտիրլի յիշեցուց, որ Մխիթարեան սանուց միութիւնը թէեւ ներկայիս չունի իր հաւաքատեղին, սակայն յոյս յայտնեց, թէ շուտով վերստին պիտի տիրանան իրենց հաւաքատեղիին։ Քենտիրլիի խօսքերով, այս ընթացքին սանուց միութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ շնորհիւ անդամներու եւ համակիրներու զօրակցութեան։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց երէց սերունդի շրջանաւարտներէն Կարպիս Մուրատեան, որ արտասահմանէն հիւրաբար քաղաքս կը գտնուի։

Երեկոյթի տեւողութեան երաժշտական յայտագիր գործադրեցին համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեան եւ «Առագաստ» նուագախումբը։ Սարվէն Չիչէքն ալ իր նուագներով մասնակցութիւն բերաւ ծրագրին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։ Ընթրիքի մասնակիցները զուարճացան մինչեւ ուշ գիշեր։

   

Երկուշաբթի, Օգոստոս 7, 2017