ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՒ՝ «HAY MENTEE-MENTOR» ԾՐԱԳՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, վերջերս Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «Hay Mentee-Mentor» երիտասարդաց ծրագրի պատասխանատուները, որոնք ծրագրի փետրուար ամսուան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Երիտասարդներ յայտնեցին, թէ քորոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ՝ ծրագիրը իր գործունէութիւնը կը շարունակէ համացանցային հարթակի վրայ։ Այս ուղղութեամբ ծրագրի խորհրդատուներ եւ պատասխանատուներ, փետրուարի 5-ին, համացանցի վրայ ժողով մը գումարելով քննարկած են ծրագրի ապագայ գործունէութիւնները։

Փետրուար ամսուան ընթացքին ծրագրի «Instagram»ի էջին մէջ կազմակերպուած են դասախօսական կարճ հանդիպումներ, որոնք ուղիղ սփռուած են համացանցէն։ Նոյն շրջանին անջատաբար տեղի ունեցած են հետեւեալ հանդիպումները.

Առաջին զրոյցը տեղի ունեցած է Երազ Չաղլըեանի հետ՝ ղեկավարութեամբ Ալէն Զինզալի։ Յաջորդաբար զրուցած է Լարա Նարին՝ ղեկավարութեամբ Թարա Տեմիրճիօղլուի։ Երրորդ հանդիպումը եղած է Արաս Եոլուսեւերի հետ՝ ղեկավարութեամբ Լիտիա Չուլճուի։ Իսկ վերջին հանդիպումը իրականացած է իրաւաբան Մելինէ Չիլինկիրի հետ՝ ղեկավարութեամբ Նորտա Լազօղլուի։

Փետրուարի 12-ին, «UPS» հաստատութենէն Արտա Եաքըճըօղլու եւ կարավառման խորհրդատու Պերճ Չուպուքճեան «Zoom»ի ճամբով ծրագրի երիտասարդներուն հետ հանդիպում մը ունեցած ու խօսած են՝ արտասահմանեան գործի հնարաւորութիւններուն եւ արհեստական մտքի մասին։

Պատրիարք Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ երիտասարդներուն՝ անոնց գործունէութեանց մասին ու յայտնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը միշտ զօրավիգ կը կանգնի իր զաւակներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առիթով մաղթեց, որ երիտասարդական այս ծրագիրը շարունակէ պտղաբերիլ։

Երեքշաբթի, Մարտ 9, 2021