ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Է.
ՍԻՖԻԼԻՍ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ: Հիւանդին սպառնացող վտանգը: Ընտանիքին սպառնացող վտանգը: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը ժառանգներուն վրայ (վիժում, երեխաներու մահացում): Ժառանգական սիֆիլիսի արատաւոր երեւոյթները: Վատասեռումը եւ անոր նշանները: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը երկրորդ սերունդին վրայ: Սիֆիլիս ունեցողը կրնա՞յ ամուսնանալ, եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ: Ֆուրնիէի հինգ պայմանները: Սիֆիլիսը բուժելի հիւանդութիւն է: Բժշկութեան փրկարար ազդեցութիւնը: Բժիշկին դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ:
Մենք նկարագրեցինք սիֆիլիսի վտանգաւոր ազդեցութիւնը թէ՛ իր՝ հիւանդին, թէ՛ անոր ամուսինին, թէ՛ զաւակներուն եւ թէ՛ ամբողջ սերունդին առողջական դրութեան եւ բարօրութեան վրայ:
Հիմա մեր դիմաց դժուար հարց մը դրուած է, այն է, թէ սիֆիլիս ունեցողը կրնա՞յ արդեօք ամուսնանալ, թէ ոչ. իսկ եթէ կրնայ, ի՞նչ պայմաններով:
Այլ խօսքով. սիֆիլիսոտէն ի՞նչ պէտք է պահանջուի, որպէսզի արտօնուի անոր կին ուզել, ընտանիք կազմել եւ սերունդ արտադրել:
Անկասկած, անխղճութիւն կ՚ըլլար սիֆիլիսոտը ընդմիշտ զրկել ընտանեկան երջանկութենէն, եւ գիտութիւնը, որու միակ ձգտումը մարդուս կարճատեւ կեցութիւնը երջանիկ դարձնելն է, շարք մը կանոններ ու պահանջներ մշակած է, որոնք սիֆիլիսոտները չզրկելով հանդերձ ամուսնանալու հնարաւորութենէն, որոշ չափով կնոջ, զաւակներուն եւ սերունդին առողջութիւնն ու բարեկեցութիւնը կ՚ապահովեն:
Փրոֆ, Ֆուրնիէն այս պահանջները հետեւեալ հինգ կէտերուն մէջ զետեղած է.
1. Որեւէ սիֆիլիսական երեւոյթի բացակայութիւն:
2. Հիւանդութիւնը բաւական հին պէտք է ըլլայ (վարակման օրէն 5-6 տարի անցած):
3. Սիֆիլիսական վերջին երեւոյթէն որոշ ժամանակ անցած պէտք է ըլլայ:
4. Հիւանդութիւնը պէտք է սպառնացող (խիստ աւերիչ) բնաւորութիւն ունեցած ըլլայ:
5. Բժշկութիւնը պէտք է բաւարար եղած ըլլայ:
1. Որեւէ սիֆիլիսական երեւոյթի բացակայութիւն:
Թէեւ անհաւատալի կը թուի մեր ըսածը, սակայն քիչ չեն այնպիսի դէպքեր, երբ այր մարդը սիֆիլիսի վարակիչ շրջաններուն կ՚ամուսնանայ: Կասկած չկայ, որ ան անմիջապէս իր կինը կը վարակէ: Այնուհետեւ ընտանիքին երջանկութիւնը վերջացաւ.- հիւանդութիւնը իր կործանիչ ուժը զաւակներուն, սերունդին վրայ կը տարածէ…:
2. Հիւանդութեան հասակը:
Վարակումէն որոշ ժամանակ անցած պէտք է ըլլայ: Փորձը եւ հազարաւոր դէպքերու դիտումները ցոյց տուած են, որ սֆիլիսը ինչքա՛ն նոր է, այդքան վտանգաւոր է ան:
Վտանգը նախ կը կայանայ այն բանին մէջ, որ կինը կը վարակուի, որովհետեւ եթէ սիֆիլիսը նոր է, յանկարծ օր մը այր մարդուն վրայ կրնայ երեւան գալ դեռ չհանգած հիւանդութեան երկրորդական երեւոյթները (կեղեր, բերանի, լեզուի, պռոնշերու խոցեր, ջրջրուկային մաշկախտեր), որոնք անպայմանօրէն կը վարակեն կինը:
Ժառանգներու տեսակէտէն նկատուած է, որ հօր 3-4 տարեկան սիֆիլիսը այլեւս զաւակներուն չ՚անցնիր, սակայն մօր սիֆիլիսը սերունդին վրայ երկար տարիներ կ՚անդրադառնայ:
Ժամանակը, ընդհանրապէս, ցաւին զօրութիւնը կը թուլցնէ:
Այսպէս, սիֆիլիսոտ կինը առաջին տարիներուն կը վիժէ, յետոյ մեռած երեխաներ կը ծնի, յետոյ երեխաներ՝ որոնք շատ քիչ կ՚ապրին, ապա, մի քանի տարիներ ետք, առողջ որդիներ: Ասկէ հասկնալի կը դառնայ, որ սիֆիլիսոտը ինչքան հնարաւոր է երկար ժամանակ պէտք է սպասէ, ամէն պարագայի ո՛չ պակաս քան հինգ տարի:
3. Սակայն, եթէ նոյնիսկ հինգ տարի ալ անցած ըլլայ հիւանդութեան սկիզբէն, հիւանդը դարձեալ ամուսնանալու իրաւունք չունի, եթէ հիւանդութիւնը որեւէ արտայայտութիւն ունեցած է (ինչքան ալ աննշան ըլլայ այդ արտայայտութիւնը):
Անհրաժեշտ է, որ վերջին արտայայտութենէն ո՛չ պակաս քան երկու տարի անցած ըլլայ: Այլ խօսքով, սիֆիլիսիը երկու տարի լուռ մնացած պէտք է ըլլայ, որպէսզի հիւանդը պսակուելու իրաւունք ունենայ:
4. Այս հիւանդութիւնը միշտ միատեսակ չ՚ըլլար. այնպիսի ձեւեր կան, որոնք յայտնի են վատ կամ ծանր սիֆիլիս անունով: Ասիկա ուղեղը, աչքը կը հարուածէ, զարմանալի աւերումներ կ՚ընէ յուզաթաղանթներուն ու մաշկին վրայ, շուտով ոսկորները կ՚իյնան: Դժուար կ՚ըլլայ անոր աւերիչ քայլը կանգնեցնել. միայն բժշկութիւնը դադրի, սիֆիլիսը դարձեալ գլուխ կը բարձրացնէ, եւ այլն: Այսպիսի սիֆիլիսի տէրերը որոշ ժամանակ մը կրնան առողջ ըլլալ, բայց միշտ որեւէ մէկ բարդութեան պէտք սպասեն:
5. Ի վերջոյ, ամենէն կարեւոր կէտը բժշկութիւնն է: Բարեբախտաբար սիֆիլիսը, եթէ ժամանակին կանոնաւոր կերպով խնամուած է, կրնայ բժշկուիլ:
Սիֆիլիսը բուժելի հիւանդութիւն է:
Սակայն, մինչեւ բժշկուիլը սիֆիլիսոտը պէտք չէ մտածէ իսկ ամուսնութեան մասին, որովհետեւ այդպիսով կ՚անբախտացնէ թէ՛ իր կինը եւ թէ՛ իր ամբողջ սերունդը:
Թէ ինչպէ՞ս պէտք է բժշկուի սիֆիլիսոտը, ատիկա մենք մանրամասնութեամբ այլ տեղ մը բացատրած ենք: Պարզապէս կ՚ըսենք, որ պառաւներուն եւ դալլաքներուն բժշկութիւնը կա՛մ անբաւարար է կամ չափազանցացուած ու վտանգաւոր:
Կանոնաւոր եւ բաւարար բժշկութիւն կրնայ ընել միմիայն բժիշկը:
Բժշկութիւնը երկար ժամանակ պէտք է տեւէ, գիտնականներուն ըսելով՝ մի քանի տարի:
Ո՛չ միայն այն ժամանակ պէտք է բժշկուիլ, երբ որեւէ մէկ կերպով հիւանդութիւնը արտայայտուած է, այլ՝ նաեւ այն ժամանակ, երբ հիւանդին վրայ ոչինչ կայ, երբ ան առերես բոլորովին առողջ է:
Երբեք պէտք չէ մոռնալ, որ ամենէն թեթեւ ձեւը կրնայ աւարտին չհասնիլ, եթէ առանց բժշկութեան մնայ, բարդուիլ ամենէն ծանր, օրինակ ուղեղի հիւանդութիւնով: Այս պատճառով պէտք է բժկուի իւրաքանչիւր անհատ, որ սիֆիլիս ստացած է, ինչքան ալ թեթեւ եղած ըլլար այդ:
Մեծ քանակութեամբ գիտնականներ այն եզրակացութեան հասած են, որ կանոնաւոր բժշկութիւնը ո՛չ միայն կը կը փրկէ հիւանդը սարսափելի բարդոյթներէ, այլ՝ յաճախ կը փրկէ նոյնպէս ամբողջ սերունդը:
Յաճախ այսպիսի դէպքեր կը պատահին.
Կին մը մի քանի անգամ վիժումներ կ՚ունենայ. մենք հակասիֆիլիսական բժշկութիւն կ՚ընենք մարդուն կամ կնոջ, կամ երկուքին ալ. վիժումները կը դադրին եւ կինը առողջ երեխաներ կը ծնի:
***
Հիմա քանի մը խօսք ըսենք նաեւ ժառանգական սիֆիլիսոտի ամուսնութեան մասին:
Այս տեսակէտէն ալ ժառանգական սիֆիլիսոտը իբրեւ հաւասար իսկական սիֆիլիսոտ կ՚ընդունուի:
Սիֆիլիսոտ ծնողներէն սերած որդիները նոյն չափով պէտք է վախնան բարդոյթներէն, ինչքան իրենց հայրը: Անոնք եւս լուրջ կերպով պէտք է բժշկուին, եւ միայն լաւ բժշկուած (երբ այլեւս սիֆիլիսական ո՛չ մէկ երեւոյթ մնացած է անոնց վրայ), անոնք ընդունակ կը դառնան քիչ թէ շատ լաւ սերունդ արտադրելու:
***
Ինչպէս կը տեսնենք, սիֆիլիսոտներու ու անոնց ժառանգներուն ամուսնանալու խնդիրի որոշումին մէջ վճռական խօսք ունի բժիշկը:
Ան բժշկութիւն պիտի ընէ, ան կարծիք պէտք է յայտնէ այն մասին, թէ առողջացա՞ծ է հիւանդը եւ ընդունա՞կ է ամուսին դառնալու, թէ՞ ոչ. եւ այլն:
Հետեւաբար, ամէն սիֆիլիս ունեցող պէտք է բժիշկի դիմէ եւ անոր խորհուրդներով ղեկավարուի, եւ երբեք չամուսնանայ անոր կամքին հակառակ:
Անկասկած ժամանակ կու գայ, երբ ամուսնանալու համար պէտք կ՚ըլլայ ամուսնացողներէն առողջութեան վկայականներ պահանջել, ինչպէս այսօր կը պահանջուի մետրիկական վկայական. սակայն, մինչեւ այն ժամանակ, իւրաքանչիւր երիտասարդ ինք յօժարաբար բժիշկի պիտի դիմէ ու անոր համաձայնութիւնը ստանայ՝ այդ պատասխանատու քայլը ընելու համար:
Ազնուութիւնը ա՛յս կը պահանջէ, ա՛յս կը պահանջէ ընտանիքին ու սերունդին բարօրութիւնը, ցեղին փրկութիւնը, եւ աւելցնենք (քանի որ մարդ եսական է նոյնիսկ ամուսնութեան մէջ) իր սեփական երջանկութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 18
Վաղարշապատ