ՄՈՒԹ ԿԷՏԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ

Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը կը շարունակէ միջազգային հանրային կարծիքի կիզակէտին մնալ։ Կազզէէն հասած արիւնալի դրուագները մէկ կողմէն ողբերգական են, իսկ միւս կողմէ մտահոգիչ նոր հարցումներու ալ դուռ կը բանան։ Հարցին այս ծալգերը կը վերաբերին նաեւ Իրանին, որ առաջին իսկ պահէն յստակ դիրքորոշում որդեգրած է։ Այս խնդրին Իրանի վերաբերեալ երեսակները շատ կարեւոր են նաեւ Հայաստանի տեսակէտէ՝ քանի ան երկրի չորս հարեւաններէն մին է։ Թէ՛ ընդհանուր իրավիճակին եւ թէ Իրանի վերաբերեալ հաւանականութիւններուն շուրջ շօշափեցինք կարծիքը «Իսրայէլահայեր» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Արտեոմ Չերնամորեանի, որ կը բնակի Իսրայէլի Փեթախ Թիքուա քաղաքին մէջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւնները։

*

-Բոլորս ուշադիր կը հետեւինք Իսրայէլի պատերազմին: Ձեր վկայութեամբ ինչպէ՞ս է իրավիճակը։

-Ինչպէս գիտէք անցալ շաբաթ օր ընթացք առած պատերազմը կը շարունակուի եւ երկրի յատկապէս հարաւային շրջանները կը շարունակեն հրթիռակոծումներու թիրախ դառնալ: Ճիշդ է, որ մեր մօտ՝ Փեթախ Թիքուա քաղաքին մէջ հրթիռակոծումներու ձայներ չեն լսուիր, սակայն, այստեղ ալ կան որոշակի լարուածութիւն եւ մտավախութիւններ: Զոհերու թիւը կը շարունակէ բարձրանալ, կան նաեւ հազարաւոր վիրաւորներ, որոնց մէկ մասը ծանր վիճակ ունի, կան նաեւ վիրաւորներ, որոնք արդէն բուժուած են։

Դժխաբտաբար, առաջին անգամն է, որ նախնական տուեալներով՝ Իսրայէլէն աւելի քան 100 հոգի գերեվարուած է՝ ներառեալ զինուորներ եւ քաղաքացիական անձեր: Մեր տուեալներով՝ այս գործողութիւններուն կը մասնակցի ո՛չ միայն «Համաս» շարժումի «Ալ Քասսամ» ռազմական թեւը, այլեւ՝ «Ալ Ճիհատ Ալ Իսլամի» անուանեալ խմբաւորումը: Այլ խօսքով՝ Կազզէի բոլոր զինեալ խմբաւորումները այսօր միացած են եւ կը մասնակցին այս պատերազմին: Ուշագրաւ է նաեւ, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները գրեթէ յիսուն տարիէ ի վեր առաջին անգամ՝ իրադարձութիւնները կ՚անուանեն որպէս պատերազմ։ Կարեւոր է հասկնալ, ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ Իսրայէլի իշանութիւնները՝ յատկապէս այս փուլին պատերազմ բառը կ՚օգտագործեն։ Որովհետեւ գործողութիւններու ծաւալը մեծ է, Իսրայէլ ունի մեծ կորուստներ եւ, անշուշտ, աննախադէպ իրադարձութիւններու ականատես կը դառնանք բոլորս: Ճիշդ է, որ մենք յաճախ ականատես կը դառնայինք հրթիռակոծումներու՝ յատկապէս Կազզէէն դէպի Իսրայէլ ու անոնց Իսրայէլի զօրքերը կը փոխադարձէին։ Բայց եւ այնպէս, այս անգամ ուշագրաւ է, որ տարբեր միջոցներով, յատկապէս օդապարիկներով եւ այդ օդապարիկներուն կցուած՝ նախնական թուացող սարքերով «Ալ Քասսամ» խմբաւորման զինեալները կարողացան երկար ճանապարհ կտրել օդէն, հատել Կազզէի սահմանը ու մուտք գործել հրէական շրջաններու խորքը, նոյնիսկ հասնիլ Իսրայէլի բանակի կարգ մը ռազմական կէտերը:

Միւս կողմէ այս բոլորը արձանագրուած է։ Կան նաեւ բազմաթիւ տեսանիւթեր, ուր կ՚երեւի, թէ պաղեստինցիներ ինչպէս քարշիչներով կը վերցնեն հողաթումբերը եւ ուղղակի քարերով, փայտերով «զինուած» կը փորձեն ներխուժել Իսրայէլի հրէական հատուածներ:

Առաջին օրերուն պաղեստինցիք կարողացան հրէական գրեթէ տասն շրջաններ ներխուժել եւ կարգ մը պարագաներու տեղի ունեցան դէմ առ դէմ մարտեր։ Համացանցը լեցուն է այդ բոլորը վաւերագրած տեսանիւթերով։ Դրուագները ուղղակի սարսափելի էին ու աննախադէպ:

Այս բոլորին դիմաց Իսրայէլ պատեանէն հանեց իր սուրը եւ մենք ականատես կը դառնանք, թէ արդէն օրերէ ի վեր Կազզէն հարուածի տակ է։ Նոյնիսկ հարուածներու առաջին օրը այդ քաղաքի մէջ ստեղծուած վիճակը մէկ բառով սարսափելի էր:

-Ի՞նչ է պատճառը այս գործողութիւններուն, ինչո՞ւ յատկապէս այս փուլին «Համաս» նման քայլի մը դիմեց:

-Նախ ըսեմ, որ «Համաս»ին երբեք պատճառ չի պակսիր նման գործողութիւն մը կատարելու համար։ Անշուշտ, վերջին օրերուն կամ նոյնիսկ վերջին շաբաթներուն մենք յաճախ կը լսէինք, որ «Համաս» կը զգուշացնէ Իսրայէլի կառավարութիւնը՝ ըսելով, որ «Մի՛ պղծէք Ալ Աքսա մզկիթը, որովհետեւ մենք պիտի դիմադարձենք եւ ռազմական միջոցներով պիտի փորձենք պահպանել մեր մզկիթը»։ Սա, անշուշտ, իմ կարծիքով պատրուակ էր եւ որեւէ ատեն «Համաս» կրնար այդ մէկը առաջ քշել, որպէսզի ռազմական գործողութեան ընթացք տար:

-Խօսինք նաեւ քաղաքական իրավիճակին մասին: Գիտենք, որ Իսրայէլ բաւական բարդ փուլերէ կ՚անցնի՝ ներքին լարուածութիւն, դատաիրաւական հարց, ծայրայեղական դէմքերու երեւում՝ յատկապէս խօսքը կը վերաբերի Նեթանիյահուի կառավարութեան կարգ մը նախարարներուն։ Այլ խօսքով՝ նախքան այս պատերազմի սկիզբը բաւական բարդ իրավիճակ մը կար եւ այսօր Իսրայէլի կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, որ նոյնիսկ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը կրնայ տապալիլ։ Այսինքն՝ Նեթանիահու ի վերջոյ կրնայ հրաժարիլ։ Ուրեմն ինչերո՞ւ սպասել։

-Իմ կարծիքով, հակառակ այս բոլորին՝ Նեթանիյահու չի պատաստուիր հրաժարելու: Ան երկար տարիներէ ի վեր կը զբաղեցնէ քաղաքական գլխաւոր հարթակը։ Յատկապէս վերջին ժամանակներուն, հակառակ իր կատարած զիջումներուն եւ իր կառավարութեան մէջ ծայրայեղականներու ներգրաւումին՝ անոր կառավարութեան ուսերուն դրուած Իսրայէլի անվտանգութիւնը ապահովելու գերխնդիրը տապալած է, բայց սա չի նշանակեր, որ Նեթանիյահու պիտի հրաժարի:

Անշուշտ, այստեղ պէտք է աւելցնել, որ պատահածը իսկապէս անհասկնալի է, որովհետեւ Իսրայէլի բանակի ներուժը բոլորին ծանօթ է՝ թէ՛ ապահովական-անվտանգային սարքերու, թէ՛ վերահսկողութեան սարքերու, թէ՛ բանակի եւ թէ կամաւորներու խումբերու առումով։ Մինչեւ այս պահը անհասկնալի կը մնայ, թէ ինչպէ՛ս «Համաս»ի զինեալները բաւական նախնական ձեւերով կարողացան Իսրայէլի բանակի զօրակայանները հասնիլ, գերեվարութիւններ ընել եւ այդ գերիները փոխադրել Կազզէ։ Այս բոլորը անհասկնալի է: Ու հակառակ այս բոլորին՝ կը կրկնեմ, որ Նեթանիյահու չի պատրաստուիր հրաժարիլ եւ ասոր դիմաց, մենք արդէն ականատես կը դառնանք, որ Կազզէ կրնայ աւերուած քաղաք մը դառնալ։ Այս անգամ Իսրայէլի կառավարութիւնը շատ աւելի ցաւոտ հարուածներ կը հասցնէ Կազզէին ու արդէն տեսանելի է, թէ ինչպիսի ահաւոր իրավիճակ կը տիրէ այնտեղ: Փաստ է, որ «Համաս»ի ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի թաքստոցներու մէջ կամ Կազզէէն դուրս ու ինչպէս միշտ՝ մեծագոյն հարուածին կ՚ենթարկուի, դժբախտաբար, Պաղեստինի անզէն ժողովուրդը:

-Ձեր կարծիքով ի՞նչ է «Համաս»ի յարձակման պատճառը։

-Հարցը բաւական խճճուած է։ Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը նոր չէ, սակայն կարգ մը վերլուծաբաններ կը յայտնեն, թէ այս բոլորի ետին կը կանգնի Ռուսաստանը, որու նպատակն է միջազգայն հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուած Կովկասի իրավիճակը ձեւով մը ցրել եւ բերել Մերձաւոր Արեւելք: Կայ նաեւ վարկած, թէ այս բոլորի ետին կը կանգնի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը:

Նկատելի է, որ Իրան երկար ժամանակէ ի վեր ատամները կրճտելով կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Իրանի համար գրեթէ անտանելի դարձած է դիտողի դերով հանդէս գալ՝ երբ Սուրիոյ մէջ իր դիրքերը հետեւողականօրէն կը թիրախաւորուին Իսրայէլի կողմէ: Նկատելի է նաեւ, որ Իրանի կողմէ «Հիզպուլլահ»ին ուղարկուած զէնքերու շարասիւները կ՚ոչնչացուին Իսրայէլի հարուածներով։ Այս բոլորը, անշուշտ, Իրան շատ ծանր կը տանի եւ տակաւին այլ պատճառներու բերումով ան ձեւով մը ներգրաւուած է այս գործողութիւններուն մէջ:

Այստեղ կարեւոր է հասկնալ, թէ արդեօք այս պատերազմը աւելի լայնածաւալ շղթայի մը կրնա՞յ վերածուիլ եւ իր մէջ ներգրաւել նաեւ այլ ուժեր: Իմ կարծիքով՝ ո՛չ։ Սա դժուար թէ պատահի, որովհետեւ հակառակ գործողութիւններու թունդ ու թէժ ըլլալուն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ոչ մէկ կողմ շահագրգռուած է լայնածաւալ եւ աւելի տարողունակ պատերազմի մը շղթայազերծումով:

Միւս կողմէ, եթէ փորձենք դիտարկել քաղաքական հետեւանքները, ապա պէտք է նշենք, որ այս պատերազմը մեծապէս կրնայ վնասել արաբ-իսրայէլեան բնականոնացման գործընթացը, ինչ որ վերջին շրջանին կ՚ընթանար մեծ թափով։ Նկատելի էր նաեւ Իսրայէլի փորձերը Սէուտական Արաբիոյ հետ լեզու գտնելու եւ յարաբերութիւններ մշակելու՝ անկախ արաբական ծոցի երկիրներու դիրքէն։ Վերջին շրջանին Պաղեստինի մէկէ աւելի հարթակներ կը խօսէին, թէ՝ «արաբները մեզ լքեցին, մեր դատը լքեցին եւ անոնք այսօր մեր թշնամիին հետ նոյն սեղանին շուրջ կը նստին»։ Հետեւաբար, այս պատերազմը, կարծէք, պիտի շրջէ առկայ ձեւաչափերը եւ մենք ականատես կրնանք դառնալ բոլորովին այլ իրադարձութիւններու։

-Տարածաշրջանի մեծ պատկերը դիտարկելու պարագային, այս բոլորը կրնա՞յ նաեւ Իրանի կողմէ Ատրպէյճանին ուղղուած պատգամներ ունենալ։ Արդարեւ, վերջին շրջանին կարեւոր իրադարձութիւններ կան նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Իրան կը ջանայ Ատրպէյճանը համոզել՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անվտանգութեան ուղղութեամբ։ Թեհրան մտահոգ է նաեւ տարածաշրջանէն ներս այլ ուժերու ներկայութենէն։ Այս բոլորէն վերջ Իրան կրնա՞յ հետամուտ ըլլալ Ատրպէյճանին պատգամներ ուղղելու նպատակին։

-Շատ կարեւոր հարցում մըն է։ Պէտք է յիշել, թէ օրեր առաջ հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ այն ցամաքուղիին, որ Իրանի վրայով Ատրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանին հետ։ Հաշուի առնելով այս տուեալը, դժուար թէ այս բոլորը Ատրպէյճանին ուղղուած պատգամ մը ունենայ։ Այլ խօսք, որ Իրան այս գործողութիւնները եւ առկայ քաոսը պատրուակելով կը փորձէ Իսրայէլին խօսք հասկցնել, թէ «հերիք եղաւ ըրածներդ մեր տարածաշրջանին մէջ, կը փորձես խաղեր տալ մեր տարածաշրջանին մէջ, ուշքի եկուր»։ Նոյնպէս այլ խօսք, որ Իսրայէլ իսկապէս կրնայ օգտագործել այս առիթը, ստեղծուած այս քաոսը եւ հարուածներ տալ Իրանին: Իսկապէս շատ բարդ ժամանակաշրջան մը կ՚ապրինք։ Այս պահուն յստակ ախտորոշում մը կատարելը բաւական անշնորհակալ գործ մը կը համարուի:

Այստեղ կարեւոր է նաեւ նշել, որ Իսրայէլ երկար պատերազմներու ո՛չ ներուժը ունի, ո՛չ ալ կարելիութիւնները։ Իսրայէլի համար որեւէ գործողութիւն պէտք է ունենայ արագ հակադարձում եւ օրերու ընթացքին Իսրայէլ պէտք է կատարէ իր հակահարուածը կամ տայ համապատասխան հարուած այն թիրախներուն, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն անոր պետական համակարգը։ Սակայն, ըսել՝ Իսրայէլ կրնայ երկարատեւ պատերազմի մէջ ներգրաւուիլ, բնականաբար, սխալ կ՚ըլլայ։ Այլ խօսք, որ Իսրայէլ կրնայ շատ արագ հարուածներ տալ՝ յատկապէս Իրանի միջուկային կայաններուն. բան մը, որուն մասին երկար ատենէ ի վեր կը խօսուի։ Սակայն, յստակ է, որ Իսրայէլի համար ձեռնտու չէ երկարատեւ պատերազմը եւ ապագայ գործողութիւնները ամենայն հաւանականութեամբ այս հիմքով կը հունաւորուին Թել Աւիւի կողմէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2023