ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՈԳԻՆ - Ե -

Երբ կը բոլորենք մշակոյթի շաբաթը եւ ոգեւորութեամբ կ՚ապրինք մշակոյթի բարիքները, կարելի չէ՛ չյիշել Ս. Գրիգոր Նարեկացին, որ հայ գիրը գործածած է կարծես ձայնագրութիւն, լեզուին տուած է երաժշտական նկարագիր եւ իր գործերով, մանաւանդ «Նարեկ» աղօթամատեանով, հայ լեզուն եւ գիրը հասցուցած է իր գագաթնակէտին՝ ցոլացուցած է անոր իսկական գեղեցկութիւնը իր ամբողջ էութեամբը։

Երբ «Նարեկ» աղօթամատեանը կը կարդացուի, կարծես երգ մը, երաժշտութիւն մըն է որ կ՚արտասանուի, եւ անոր մէջ աղօթքը կը վերածուի հոգիի, բովանդակ ներաշխարհի արտայայտութիւնը՝ քաղցր եւ տպաւորիչ երաժշտութեամբ մը։

Լեզուին, գիրին ամբողջ գեղեցկութիւնը կը զգացուի «Նարեկ»ին մէջ, կարդացողը ո՛չ թէ կը կարդայ, այլ կ՚երգէ, երգով եւ երաժշտութեամբ կ՚աղօթէ։ Եւ մարդ կը տեսնէ, կը վկայէ հայ լեզուի, հայ գիրի, հայ գրականութեան գեղեցկութեան, եւ անոր խօսքերով «աղօթք կ՚երգէ», սրտաբուխ կը փառաբանէ զԱստուած եւ հոգեպէս կը լիանայ, կը գոհանայ, կը վայելէ լեզուին քաղցրութիւնը։

Կարծես մոգական նկարագիր մը կը ստանայ լեզուն՝ «Նարեկ»ին տողերուն մէջ։ Լեզուն իր բովանդակ փայլը կ՚արտացոլէ հոն, ամէն մէկ տողին, ամէն մէկ նախադասութեան եւ ամէն մէկ բառին մէջ։ Հո՛ն է որ հայ լեզուն կ՚արդարացնէ իր «ոսկեղնիկ» անուանումը։

Ո՞վ է այս հրաշալիքին հեղինակը։

Ո՞վ է Ս. Գրիգոր Նարեկացի։

Նարեկ, Վան քաղաքի՝ Վանայ ծովուն հարաւակողմը գիւղ մըն էր։

Անանիա Վարդապետ, որ իր ժամանակի ամենէն զարգացած հոգեւորականներէն էր, եւ հօրեղբայր՝ Նարեկացիին մօրը, Ժ. դարուն սկիզբները հոն հիմնեց վանք մը՝ որ ընդհուպ կրթական վառարան մը եղաւ իր շրջանակին համար։

Հո՛ն, ահաւասիկ դաստիարակուեցաւ, եկեղեցական կարգ ու սքեմ ատացաւ, ապրեցաւ եւ իր կեանքը կնքեց «մարմնաւոր հրեշտակն ու հսկող զուարթունն» Գրիգոր, որ ա՜յդ իսկ պատճառաւ կոչուեցաւ Նարեկացի։

Իր ծնողքին երեք որդիներուն կրտսերագոյնն էր ինքը։ Երիցագոյնը, Սահակ, ընդօրինակողն էր եղած իր հօրը երկասիրութիւններուն, երկրորդը, Յովհաննէս, ուսումնակիցն ու կրօնակիցն էր Սուրբին, Նարեկայ վայքին մէջ, որուն վանահայրն եղաւ յետոյ, Անանիայի մահէն վերջը։ Երեքն ալ այսպէս, արժանաւոր զաւակները պատուական ընտանիքի մը, զոր հաւատքն ու գիտութեան սէրը կանուխէն զարդարած էին իրենց ամենէն անոյշ շնորհներովը։ Կանուխ մեռած էր իր մայրը, ատկէ վերջն էր հաւանաբար որ իր հայրը Խոսրով, յառաջացաւ եկեղեցական նուիրապետութեան մէջ, եպիսկոպոս ըլլալով Վասպուրականի Անձեւացեաց գաւառին, որուն Հովիւը եւ Առաջնորդը մնաց մինչեւ իր ալեւորեալ հասակը։

Իմացական եւ բարոյական առաւելութիւններով օժտուած անձ մըն էր անիկա. մտքի եւ նոյնքան գրչի մարդ, որ գիտցաւ իր կարողութիւնները ի սպաս դնել իր Հօտին օգտին։ Պատարագի եւ Ժամագիրքի մեկնութիւնները, զորս գրեց իր հովուական պաշտօնի միջոցին, երկուքն ալ ընտիր գրուածքներ, պայծառօրէն կը մատնանշեն հոգեկիր զաւկին հոգելից հայրը։ Նարեկացին խոր յարգանք ունի անոր մասին. նշանակալից է խանդաղատանքի մասնաւոր զգացումով ընդգծուած իր տողը անոր նկատմամբ անոր «Պատարագի Մեկնութեան» յիշատակարանին մէջ, զոր ինքը գրեց յետոյ։

Նոյնքան կարեւոր եւ կերպով մը աւելի բարձրագոյն ձիրքերու տէր անձնաւորութիւն մըն էր Անանիա Վարդապետ, իր ազգականը, որո՛ւն աշակերտեց Նարեկացի, իր եղբօրը հետ, Նարեկի վանքին մէջ։

«Աղօթամատեան»ը, աւելի ճիշդ՝ «Մատեան Ողբերգութեան»ը, ինչպէս կը կարծուի ի՛նքն իսկ տիտղոսած ըլլալ զայն, Նարեկացիի վերջին գործն է, գրուած ըլլալով, ինչպէս կ՚երեւի Յիշատակարանէն, 1002 թուականին, երբ շուրջ յիսունհինգ տարեկան էր, որ պայծառ զգայողութեան եւ լիալիր խորհուրդի տարիքն է։

Իննսունհինգ գլուխներէ՝ «Բան»երէ կը բաղկանայ «Մատեան Ողբերգութեան»ը. իսկ անոնց ստորաբաժանումներուն ընդհանուր գումարը 366 է, որ կարծես խորհրդաւոր աղերս մը կը ցուցնէ տարիի օրերուն թիւին հետ։

Երբ Նարեկացի կը գրէր զայն իր միաբանակիցներուն խնդրանքովը, Նարեկի վանքին մէջ, այդ մենաստանին առաջնորդն էր իր եղբայրը Յովհաննէս, որուն կը կարծուի «գործակցութիւն» մըն ալ ընծայել իր երկին պատրաստութեան տեսակէտով։ Արդարեւ, իր գործերուն ո՛չ միայն վերջինն է ան, այլ նաեւ գերազանցը, ըլլալով ամենէն կատարեալ արտադրութիւնը իր հոգիին։

Առանց անոր, այսինքն լոկ միւսներով, իր անունը «փայլակի ցոլք» մը միայն եղած պիտի ըլլար մեր գրականութեան հորիզոնին հեռաւո՜ր մէկ կէտին վրայ. ասով՝ դարերուն հետ կ՚ապրի ինքը. մեր հաւատքին երկնքին վրայ նշուելով իր հոգիին խորհրդալոյս պայծառութիւնը։ Եւ ինքն իսկ կը զգայ ատիկա, երբ մեծ հոգիներու յատուկ անվերապահ պարզութեամբ կ՚ըսէ. «Յարակայութեամբ բանի այսր սոփերի գրեցայց կենդանի», (Բան ԶԸ), որ կը նշանկէ՝ թէպէտ մեռնիմ իբրեւ մահկանցու, բայց կենդանի պիտի համարուիմ այս գիրքին մշտնջենաւորութեամբը։

Երբ Աստուծո՛յ է որ կ՚ուղղուի իր խորհուրդը՝ ի՛նչ որ միշտ ա՛յս է իր հոգիին դրութիւնը, իր մէջ կը լռէ ուրիշ ամէն ձայն, քանի որ կը հաւատա՛յ։ Ուստի Նարեկացիի աստուածաբանութիւնն է՝ հաւա՛տքը։ Արդարեւ, այս բառը իրեն համար կը նշանակէ ո՛չ թէ «Աստուծոյ մասին խօսիլ», այլ՝ «խօսի՛լ Աստուծոյ հետ»։

Հաւատքը, իր իսկ մէջ, սրտի խորութիւններէն բխած լո՛յսն է որ կը դէմյանդիմանէ զինք Գերագոյնին. Անոր հետ կենդանի յարաբերութեան մէջ դնելով զինք։

Իր ամբողջ գրականութիւնը. «գլուխ գործոց»ը՝ Աղօթամատեանը մանաւանդ պատկերն է «Ընդ Աստուծոյ խօսակցութիւն», այսինքն՝ Աստուծոյ հետ խօսակցութեան, իր այդ հաստատ կեցուածքին։

Արդարեւ անոր մէջ կը տեսնուի «աղօթք»ի պայմանադրական կապերէն դո՛ւրս նետուած հոգին՝ որ հայեցողութեան, այսինքն գերբնականին կերպով մը անընդմիջական յայտնատեսութեանը մէջ Աստուծոյ հետ «մտերմական ծանօթութեան» մը գաղտնիքը կը փնտռէ։

Եւ որքա՜ն աւելի կը հետամտի այն բանին, այնքա՛ն աւելի կը վերանայ հոգեռանդն սաւառնումներով. մինչեւ որ մտասքանչութեան վայրկեանի մը մէջ կը միանայ Անոր հետ սիրոյ միացումով՝ անկե՜ղծ սիրոյ զգացումով, որ անհո՜ւնապէս գերազա՜նց է քան իմացական միացումը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 13, 2017, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017