ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ ՏՕՆ
«Տաղաւար» կը նշանակէ՝ հիւղ, վրան, մացառով շինուած խրճիթ։ Այս բառէն կու գայ. «տաղաւարահարք» կամ «տաղաւարահարաց տօն» սուրբ գրային ասացուածքը։ «Տաղաւարիլ» կը նշանակէ՝ «բնակիլ»։
Տաղաւարահարաց տօն՝ եբրայերէն անունով՝ «Sukkoth», աշնանային բերքահաւաքի տօնն էր, որ տեղի կ՚ունենար եօթներորդ ամսու կէսին (Ծանօթ.- Եօթներորդ ամիս՝ «թիշրի», 30 օր. Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր), թիշրի 15-22, յատուկ ուրախութիւններով, հանդիսակատարումներով երախտագիտութիւն յայտնելու համար Աստուծոյ՝ իր պարգեւած ջուրին եւ երկրի բոլոր բարիքներուն համար։
Տաղաւարահարաց տօնը, Աստուածաշունչի մէջ, Ղեւտացւոց Գիրքին հետեւեալ հատուածներուն համաձայն սապէս է նկարագրուած.
«Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.- Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ.- Այս եօթներորդ՝ ամսուան տասնհինգերորդ օրէն սկսելով՝ եօթը օր տաղաւարահարաց տօն է Տէրոջը։ Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պէտք է ըլլայ, բնա՛ւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ Եօթը օր պատարագ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը եւ ութերորդ օրը սուրբ ժողով ընէք եւ պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ Տօնախմբութեան օր է այն, երբ բնաւ ծառայութիւն՝ ծառայութեան գործ պէտք չէ՛ գործէք։ Տէրոջը պատարագ, այսինքն ողջակէզ եւ հացի ընծայ, զոհ եւ թափելու նուէրներ՝ ամէն օրուան պէտք եղածը մատուցանելու համար ձեր սուրբ ժողովներ կոչուած Տէրոջը տօները ասոնք են՝ Տէրոջը շաբաթներէն զատ եւ ձեր ընծաներէն զատ եւ ձեր բոլոր ուխտերէն զատ եւ Տէրոջը տալու ձեր կամաւոր ընծաներէն զատ, նաեւ՝ եօթներորդ ամսուան տասնհինգերորդ օրը՝ երբ երկրի անդիւնքը հաւաքէք, եօթը օր տօն պէտք է պահէք Տէրոջը։ Առաջին օրը ձեզի գեղեցիկ ծառերու պտուղ, արմաւենիի ոստեր եւ տերեւախիտ ծառերու ոստեր եւ ձորի ուռիներու ոստեր պէ՛տք է առնէք եւ Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ուրախանաք։ Այս տօնը տարին եօթը օր պիտի պահէք Տէրոջը։ Ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ այն։
«Եօթներորդ ամսուան մէջ պիտի ընէք զայն։
«Եօթը օր տաղաւարներու մէջ պիտի բնակիք, Իսրայէլի բոլոր Բնիկները տաղաւարներու մէջ պէտք է բնակին։ Որպէսզի ձեր սերունդները գիտնան թէ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանած ատենս տաղաւարներու մէջ բնակեցուցի զանոնք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
«Այսպէս՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց թէ որո՛նք են Տէրոջը տօները» (ՂԵՒՏ. ԻԳ 33-44)։
Իսկ Բ Օրինաց Գիրքին մէջ ալ կ՚ըսուի.
«Քու կալիդ եւ հնձանիդ բերքը հաւաքելէդ ետքը եօթը օր տաղաւարահարաց տօնը պահէ» (Բ ՕՐԻՆ. ԺԶ 13)։ (Համեմատել նաեւ՝ ԹՈՒՈՑ ԻԹ 12-40 համարները այս մասին)։
Տաղաւարահարաց տօնը, բայց նաեւ յիշատակն էր 40 տարիներու անապատային թափառումներու շրջանին, որուն համար ալ Երուսաղէմ եկող բարեպաշտ հրեաները եօթը օրեր տաղաւարներու մէջ կը բնակէին, ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. (ՂԵՒՏ. ԻԳ 40-43)։ Այս իմաստով, մանաւանդ ջուրը առաջնակարգ տեղ էր գրաւած այս տօնին։
Աւելի վերջ, Յիսուսի ժամանակներուն, սովորութիւն էր նաեւ տօնի բոլոր օրերուն ամէն երեկոյեան, տաճարին մէջ չորս հսկայ աշտանակներ վառել, խորհրդանշելու համար Աստուծոյ փառքին եւ Խօսքին ճառագայթումը՝ խաւար աշխարհին մէջ, եւ հեթանոսներու դարձը դէպի Տիրոջ Տունը, ուրկէ կ՚ելլէ Աստուծոյ Օրէնքը, Աստուծոյ Խօսքը, ինչպէս կը վկայեն Եսայեայ եւ Միքիայ մարգարէութիւնները.
«Ո՛վ Յակոբի տուն, եկէ՛ք Տէրոջը լոյսովը քալենք» (ԵՍ. Բ 5), եւ. «Հապա ամէն մարդ իր որթատունկին տակ եւ իր թզենիին տակ պիտի նստի» (ՄԻՔ. Դ 4)։
Արդարեւ, Յիսուսի մի քանի կարեւոր յայտարարութիւնները կապուած են տաղաւարահարաց տօնին եւ իմաստին. «Տօնին վերջին օրը, որ հանդիսաւոր օրն էր, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ՚ըսէր.- Ով որ ծարաւի է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին» (ՅՈՎՀ. Է 37-38)։ Եւ դարձեալ, Յիսուս կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ» (ՅՈՎՀ. Ը 12)։
Վերջապէս, տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան տաղաւարահարաց տօնի մասին, իր «Ծիսական Բառարան»ին մէջ՝ «Տաղաւար» հատուածին առթիւ։
«Տաղաւար. այսպէս կը կոչուին հինգ մեծ տօները՝ որոնք տէրունի տօներ՝ շաբաթապահք, նաւակատիք, մեռելոց եւ քանի մը օր շարունակութիւն ունին։ Այս հինգ տօներն են՝ Աստուածայայտնութիւն 8 օր, Յարութիւն 50 օր, Այլակերպութիւն 3 օր, Վերափոխում 9 օր եւ Խաչվերաց 7 օր։
«Այս տօներէն իւրաքանչիւրն ալ տարւոյն մէջ որոշ միջոցի մը սկզբնաւորութիւնն են։
«Վճռական կերպով յայտնի չէ թէ ի՛նչ առընչութիւն կայ տաղաւար կոչման եւ այս մեծ տօնախմբութեանց մէջ։
«Ոմանք կը կարծեն թէ ինչպէս Հին Ուխտին մէջ մեծահանդէս տօնախմբութիւն մըն էր Տաղաւարահարքը կամ Տաղաւոր կոչուած տօնը, նոյն են քրիստոնէից համար այդ տէրունի տօները։
«Թերեւս հաւանական է կարծել թէ իրօք տաղաւարներու հաստատմամբ տօնավաճառի նման հանդէսներ կը կազմակերպուէին այս մեծ տէրունիներուն, եւ անկէ մնացած ըլլայ տաղաւոր յորջորջումը»։
«Տաղաւար տօներ» եւ «Տաղաւարահարաց տօն» իմաստով եւ պատմականօրէն նմանութիւն կը ներկայացնեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 15, 2018, Իսթանպուլ