ՊԱՐԶՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ
«O sancta simplicitas». ո՜վ սուրբ պարզութիւն։
Յիսուս Ի՛նք կը հաստատէ, թէ «Աստուած միակ Տէրն է» եւ հարկ է սիրել զԻնք ամենայն պարզութեամբ. «ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով, ամբողջ մտքով եւ ամբողջ ուժերով». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 29-30)։ Միաժամանակ կ՚իմացնէ, թէ Ինքն իսկ է «Տէրը». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 35-37)։ «Յիսուս Տէրն է», ասիկա դաւանիլ՝ քրիստոնեայ հաւատքին յատուկ ճշմարտութիւն է։ Ասիկա, երբեք հակառակ չէ՛ Միակ Աստուծոյ հաւատքին։ Սուրբ Հոգիին հաւատալ. «որ Տէր է եւ կենդանարար», ո՛չ մէկ բաժանում կը ստեղծէ Միակ Աստուծոյ մէջ։ Ուստի, կը հաւատանք պարզապէս եւ հաստատապէս, թէ կայ մէ՛կ ճշմարիտ Աստուած, անհուն եւ անփոփոխելի, անիմանալի, ամենակալ եւ անպատում՝ սուրբ պարզութեան մէջ, Հայր եւ Որդի եւ Սուրբ Հոգի. երեք Անձ, սակայն մէ՛կ էութիւն, մէ՛կ բնութիւն, բացարձակապէս ՊԱՐԶ մէ՛կ գոյացութիւն։ Աստուածը ճանչնալու միակ միջոցն է պարզութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ անկեղծութի՛ւն։
Արդարեւ, Յիսուս կը պատուիրէ «մանուկի պէս ըլլալ», այսինքն՝ պարզ եւ անկեղծ, նենգութենէ հեռու եւ ամէն տեսակ դիտաւորութենէ, յետին միտքէ ձերբազատուած մօտենալ ճշմարտութեան։ Պարզութիւնը երբեք միամտութիւն, դիւրահաւանութիւն չէ՛, այլ՝ յստակատեսութիւն եւ իրատեսութիւն. քանի որ պարզութեան մէջ է որ կարելի է ճշմարտութիւնը յստակ կերպով տեսնել։ Եւ այս իմաստով «սուրբ է պարզութիւնը, որովհետեւ անոր մէջէն կը ցոլանայ եւ կը փայլի Ճշմարտութիւնը իր ամբողջ փառքով»։
Չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը էական պայմաններն են հոգեւոր առողջութեան, առաքինի կեանքի մը յաջողութեան։ Կրօնքն ալ, բարոյականութիւնը եւ բանականութիւնն ալ այսպէս կը պահանջեն։ Այս պայմանները եւ պահանջները, ուրեմն կարելի չէ ժխտել, թէ ամենէն սերտ կապ եւ աղերս ունին մարդու մը անհատական եւ հաւաքական կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարցին հետ։ Մարդու արիւնը, մկանները, ջիղերը, մէկ խօսքով, ընդհանուր բնախօսական կազմուածքը չափաւոր եւ պարզ սնունդի մը իւրացումով աւելի՛ կորովի, աւելի պինդ, աւելի յարմար է որեւէ ծառայութեան։ Ամէն բարդութիւն, զեղխութիւն կը թունաւորեն կազմուածքը եւ վատախտարակ կ՚ընեն մարդը։
Բարեպաշտութեան սկզբնական պայմաններէն է՝ պարզութիւնը։ Մնայուն գիծեր կ՚անցնին Սազմաներուն ընդմէջէն. հոն կայ աղօթքի պարզութիւնը եւ ինքնաբուխ արտայայտութիւնը՝ անկեղծութիւնը. հոն կայ Աստուծոյ բաղձանքը արարչութեան մէջ՝ ամէն բարի բանի մէջ, ամէն գեղեցկութեան հետ եւ ընդմէջէն, հոն կայ անհանգիստ կացութիւնը հաւատացեալին՝ որ Տիրոջ հանդէպ իր նախընտրական սիրոյն մէջ կը բախի բազմատեսակ փորձութիւններու, պատուհասներու, իսկ հաւատարիմ Աստուծոյ կատարելիք գործին սպասումին մէջ՝ կայ ստուգութիւն Անոր սիրոյն եւ ապաւինում Անոր կամքին։
Պարզութեան մէջ կը բարձրանայ աղօթքի կանչը եւ կ՚երգուի կանչին պատասխանը.
«Հալլէլու-Եահ». (Ալէլուիա), «Գովեցէ՛ք Տէրը…»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 26, 2023, Իսթանպուլ