ՀԱՄԵՍՏ ՀՈԳԻԻ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ
Մարդիկ կան եւ մեծամեծ յորջորջուածներուն մէջ, երբ առիթ մը ներկայանայ անոնց մասին արտայայտուելու, սրտի եւ հոգիի բարեմասնութիւն մը գտնելու համար մարդ երկա՜ր փնտռտուքներ ընելու կը ստիպուի։ Երանի՜ անոնց՝ որ պատրաստ է իրենց բարեմասնութիւնները՝ միշտ ներկայ, միշտ խօսուելու արժանի՛։ Անշուշտ կան այդպիսի անձնաւորութիւններ՝ որոնց հոգիին մէջ ափերո՜վ կարելի է գտնել զմայլելի բարեմասնութիւններ։
Ուրեմն ի՞նչեր են այդ բարեմասնութիւնները մարդուն, որ առանց փնտռելու, անմիջապէս պատրաստ կարելի է գտնել, եւ խօսիլ անոնց վրայ։ Ուրիշ խօսքով՝ որո՞նք են այն բարեմասնութիւնները, որ «նկարագիր» կը կազմեն, եւ կը տպաւորեն շուրջինները եւ կարծես նոյնացած անձնաւորութիւններու, կը դրոշմուի իրենց ինքնութեանը վրայ, եւ երբ առիթը ներկայանայ կ՚ըսուի. «ահաւասի՛կ, ան, որ կը ներկայացնէ զինք՝ նկարագիրը եւ էութի՛ւնը»։
Սիրելի՜ բարեկամներ, այս բարեմասնութիւնները բազմաթիւ են, բայց անոնց կարգին կայ առաքինութիւն մը՝ որ կը գերազանցէ միւսները, եւ բոլոր միւսներուն ծնունդ կու տայ։ Այլապէս, եթէ չգտնուի ան, միւս առաքինութիւններն ալ որեւէ արժէք չեն ներկայացներ։
Ուստի ազնիւ, բարի, խելացի, մարդասէր, իմաստուն մէկու մը կեանքին, անձնաւորութեան ամենէն գրաւիչ եւ աչքառու բարեմասնութիւնն է՝ իր անսեթեւեթ համեստութի՛ւնը։ Եթէ մէկը համեստ չէ, բոլոր միւս բարեմասնութիւնները որեւէ արժէք չեն ներկայացներ, քանի որ համեստութեան բացակայութիւնը մեծ մասամբ կը նուազեցնէ անոնց արժէքը։
Խորհեցէք, սիրելի՜ բարեկամներ, կարելի է հանդուրժել գոռոզ իմաստունի մը, կամ ինքնահաւան ազնուական մարդու մը, եւ կամ հպարտ բարեսէրի մը, վէս խելացիի մը եւ ամբարտաւանի՝ որ երեւութապէս ազնիւ է։
Ուստի բոլոր այս բարեմասնութիւնները կը պսակուին համեստութեամբ՝ անկեղծ խոնարհութեա՛մբ։
Եւ համեստութիւնը խորհրդանշող մանուշակը իր երեւոյթով, գոյնով եւ կեցուածքով ճշմարիտ տիպա՛ր մըն է, օրինակ մըն է բարեմասնութիւններու իշխանին։
Համեստ մարդու նկարագիրն է՝ ազնուասիրտ եւ շնորհալի ըլլալ, բայց միեւնոյն ժամանակ եւ անպայմա՛ն՝ աննկուն եւ քաջարի, պայքարիլ ամէն անիրաւութեան, ամէն ապօրինութեան եւ վտանգի դէմ, որ ի վերջոյ վնաս պիտի պատճառեն մարդկութեան։ Եւ այս բոլորը ընել անկեղծութեա՛մբ՝ ո՛չ երեւութապէս, այլ իրապէ՛ս։ Կարեւորը «համեստ երեւիլ»ը չէ՛, այլ՝ «համեստ ըլլա՛լ»ն է, ինչպէս՝ «բարի երեւիլ», «ազնիւ երեւիլ» եւ «բարի ըլլա՛լ», «ազնիւ ըլլա՛լ» բոլորովին տարբեր եւ իրարմէ անջատ արտայայտութիւններ են եւ պէտք չէ՛ շփոթել, իրար խառնել…։
Ուրեմն, ո՞վ է ճշմարիտ ու անկեղծ համեստ անձը։
Անկեղծութիւնը նախապայմա՛նն է համեստութեան. ուստի ճշմարիտ համեստ անձը այն է՝ որ գիտակից է իր բարեմասնութիւններուն, եւ փոխանակ անոնք հպարտութեան, ինքնահաւանութեան միջոց ընելու, կը գործածէ, սկսելով իր անմիջական շրջանակէն, համայն մարդկութեան օգտին ի նպաստ։ Բարեմասնութիւնները ուրիշներու օգտին գործածուելով է որ արժէք կը ստանան, ինչպէս ամէն բարիք, գիտութիւն, իմաստութիւն, բոլորն ալ երբ գործնականի վերածուին արժէք կը ներկայացնեն, այլապէս ամուլ եւ անշարժ կը մնան։ Եւ գործնականի վերածուելու ստուգանիշն է՝ մարդուն օգտին, մարդկութեան ի նպաստ գործածել բարեմասնութիւնը։
«Համեստ անձ»ը այն է, որ իր բարեմասնութիւնները չի գործածեր ուրիշներէ ծառայութիւն ընդունելու համար, այլ՝ անոնց ծառայելու պատրաստակամութիւնը ցոյց կու տայ միշտ։ Բարեմասնութիւնները, համեստ անձը երբեք մեծութեան եւ փառքի քօղով չի ծածկեր, այլ միշտ բա՛ց կը թողու զանոնք, որպէսզի օգտուին բոլորը, օգտագործուին եւ կատարելագործուին։
«Համեստ անձ»ը երջանկութիւնը կը տեսնէ ուրիշներու երջանկութեան մէջ. անոր համար տա՛լը միշտ աւելի երջանկաբեր է, քան՝ առնելը։
«Համեստ անձ»ը ուրախ է երբ իր շուրջինները ապահով են, գոհ իրենց վիճակէն, երջանիկ եւ ուրախ են, զօրաւոր եւ անթերի՝ կարելի չափով անշո՛ւշտ։
«Համեստ անձ»ը համբաւի կամ ժողովրդականութեան հետամուտ չ՚ըլլար երբեք։ Պարզ, չափաւոր եւ իրապէ՛ս համեստ է իր կեանքը, եւ թէեւ մեծ՝ սիրտով ու գործով։ Անոր իրական մեծութիւնը կը շեշտուի իր գրեթէ «բնազդային» համեստութեամբ։
Համեստութիւնը, արդարեւ, «համեստ անձ»ին նկարագի՛րն է՝ ի՛նք, իր ինքնութի՛ւնը իսկ։ Համեստութիւնը անոր ապրելակերպն է՝ համեստ անձը իր հոգին կը սնուցանէ համեստութեամբ եւ խոնարհութեամբ։
«Համեստ անձ»ը միշտ երջանիկ է, քանի որ ան երբե՛ք երեւակայական երջանկութիւն մը չի փնտռեր՝ ունեցածէն աւելին, գտնուած դիրքէն աւելի բարձրին հասնելու չի հետամտիր. ան պարզութենէ, չափաւորութենէ կ՚առնէ իր զօրութիւնը։ Ան չի բաղդատեր, չի համեմատեր ինքզինք ուրիշներու հետ, քանի որ ան անկեղծ է՝ այն է՝ ի՛նչ որ ինքն է։
«Համեստ անձ»ը գիտակցութիւնը ունի իր ուժերուն, գիտէ՝ ի՛նչ որ չի գիտեր։ Ան իմաստուն է, քանի որ կ՚անդրադառնայ իր իսկ էութեան, գիտակից է իր ուժերուն՝ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս՝ ան ի՛նքն է, եւ ինքն ըլլալուն գո՛հ է։ Ան երբեք չի մրցակցիր, թերեւս միայն ինքն իրեն հետ՝ աւելի համեստ ու խոնա՛րհ ըլլալու համար…։ Ան միշտ վա՛ր կը նայի, որովհետեւ գիտէ, թէ վերը միշտ կայ աչք մը, որ կը հետեւի իրեն, եւ վար կը նայի, քանի որ գիտէ, թէ օր մը, հոն վարը պիտի ամփոփուին իր աչքերը, բոլոր մարմի՛նը։
Եւ անտարակոյս, համեստ անձին աչքերը երբ վար կը նային, իր հոգին աւելի եւս վե՛ր կը բարձրանայ, կը խայտայ՝ համեստ պատեանին մէջ, համեստութեամբ եւ երջանի՛կ։ Արդարեւ վար նայող աչքեր, հոգեպէս միշտ վեր կը բարձրանան։
Իր տգիտութեան անդրադարձողը, տգիտութեանը գիտակից «համեստ անձ»ը, իրապէ՛ս իմաստուն է, եւ համեստութիւնը կ՚ազնուացնէ հոգին։ Ան երբեք վճռական չի խօսիր, գիտէ որ միշտ տկար, թերի կողմ մը ունի, եւ շարունակ զօրանալու, լիանալու կ՚աշխատի, բայց անկեղծութեամբ կը խոստովանի, թէ միշտ ունի տկարութիւն մը, թերութիւն մը, անկատարութիւն մը…։
«Համեստ անձ»ը միշտ ակնածանքով կը մօտենայ իր շուրջիններուն՝ կը խուսափի հպարտութեան մոլութենէն, գուցէ մէկու մը արժանապատուութիւնը վիրաւորէ։ Ան գիտէ ու կը դիտէ մարդիկը այնպէս՝ ինչպէս՝ ինքզինք. համակրական հասկացողութեամբ կը մօտենայ իր նմաններուն՝ մարդոց, որոնք կը համարէ «եղբայր»ներ, որոնք իրարմէ ո՛չ բարձր, եւ ո՛չ ցած, ապա ուրեմն անոնց հանդէպ ինչո՞ւ հպարտանայ մարդ, երբ մէկը միւսէն բարձր չէ, աւելին չունի, բնականօրէն «հաւասար» է, մէկուն որ կը պակսի՝ միւսը ունի՛ եւ մէկը որ ունի՝ ուրիշին կը պակսի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 26, 2017, Իսթանպուլ