ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ
Երէկ երեկոյեան, Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացման հանդիսաւոր հաւաքոյթը։ Միութենէն ներս նոր եղանակի բացումը բնորոշեց հանգուցեալ արուեստագէտ Տիրան Ինճիճիի գործերուն ցուցահանդէսը։ Միութեան 71-րդ շրջանի բացումը կատարուեցաւ Մխիթարեանի սաներէն Տիրան Ինճիճիի նշանաւոր՝ եկեղեցիներու մանրակերտերու ներկայացումով։
Երեկոյթին ներկայ էին՝ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վարդապետ Չօփուրեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան, Մխիթարեանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար եւ իր ընկերները, համանուն ընտանիքէն պատասխանատուներ, զանազան սերունդներէ սաներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Տիրան Ինճիճիի որդին՝ Էրոլ Ինճիճի, որ կը բնակի Զուիցերիա։
Բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Մխիթարեան սանուց միութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեանի եւ ընկերներուն կողմէ։
Հաւաքոյթի ընթացքին արտայայտուեցան Էրոլ Ինճիճի, Վարդան Պալմումճեան, Հայր Յակովբոս Ծ. Վարդապետ Չօփուրեան եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեան։
Մինչ ներկայացուած տասնմէկ մանրակերտները արժանացան անմիջական ուշադրութեան, ներկաները ընդունելութեան սեղաններուն շուրջ հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024