Երիտասարդներու Սիրոյ Բարեխօսը՝ Սուրբ Սարգիս Զօրավարը

Սուրբ Սար­գիս նա­հա­տա­կուե­լէ ա­ռաջ ա­ղօ­թած է. «Ո՜վ Տէր, Քրիս­տոս Աս­տուած իմ, ա­նոնք, ո­րոնք կը յի­շեն իմ ա­նունս ի­րենց նե­ղու­թեան մէջ եւ կը կա­տա­րեն իմ նա­հա­տա­կու­թեանս յի­շա­տա­կը ուխ­տով եւ Պա­տա­րա­գով, ինչ որ ու­զեն Քեզ­մէ, լսէ ա­նոնց եւ շնոր­հէ ա­նոնց խնդրան­քը: Այն ա­տեն եր­կին­քէն ձայն մը ե­կաւ, որ կ՚ը­սէր. «Պի­տի տամ քու խնդրածդ եւ պի­տի կա­տա­րեմ ա­ղա­չանքդ. իսկ դուն ե­կուր վա­յե­լէ քե­զի հա­մար պատ­րաս­տուած բա­րիք­նե­րը». (Մար­զուան­ցի, էջ 123 Բ. սիւ­նակ):

Այս ա­ղօթ­քով կը դրսե­ւո­րէ ա­նանձ­նա­կան սի­րոյ մե­ծա­գոյն օ­րի­նա­կը, չխնդրե­լով Աս­տուծ­մէ իր ան­ձին ա­զա­տագ­րու­մը չար­չա­րանք­նե­րէն եւ դա­հի­ճէն, այլ՝ մտա­ծե­լով միայն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք նե­ղու­թիւն­նե­րու պի­տի հան­դի­պին: Այս պատ­ճա­ռով հայ ե­կե­ղե­ցին իր յի­շա­տա­կու­թիւ­նը ա­ւան­դա­պա­հօ­րէն տօ­նա­կա­տա­րած է որ­պէս սի­րոյ տօն եւ զայն ըն­դու­նած է իբ­րեւ սի­րոյ բա­րե­խօս:

Հայ­կա­կան մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ գրե­թէ ա­մէ­նու­րեք կը տա­րա­ծուի եւ ար­հես­տա­կան փոր­ձեր կը կա­տա­րուին Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նին ա­ռըն­թեր տօ­նախմբել օ­տա­րա­մուտ, հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ ոչ տօ­նե­լի սուրբ՝ Վա­լենթ­նիո­սի յի­շա­տա­կու­թիւ­նը, որ եր­րորդ դա­րու հռո­մէա­ցի սուրբ մըն է, եւ աշ­խար­հի վրայ շուրջ հա­րիւր եր­կիր կը տօ­նէ իր յի­շա­տա­կը Փետ­րուար 14-ին կա­պուած սի­րոյ ա­ւան­դու­թեան հետ:

Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, հա­յերս պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ կը հա­ւա­տանք, որ ա­րա­գա­հաս Սուրբ Սար­գի­սը մեր խնդրանք­նե­րը լսող, իր ներ­կա­յու­թեամբ օգ­նու­թեան հաս­նող եւ բա­րե­խօս է Աս­տու­ծոյ քով՝ մե­զի հա­մար:

«Սաս­նայ Ծռեր» դիւ­ցազ­ներ­գու­թեան մէջ հե­տաքրք­րա­կա­նօ­րէն կը նկա­րագ­րուի Սա­սուն­ցի Դա­ւի­թին եւ սի­րե­լի Սուրբ Սար­գի­սին հան­դի­պու­մը.

Դա­վիթ էդ տե­ղէն ետ դար­ձաւ ու գնաց, կայ­նաւ Խան­դութ խա­նու­մի փան­ջա­րի ա­ռեչ, ը­սեց.

-Խան­դութ խա­նում, ես կ՚եր­թամ կռիւ:

Քշեց, գնաց, շատ, քիչ՝ Աս­տուած գի­նա, մէկ էլ տե­սավ յառ­ջե­ւանց թոզ ու դու­ման կի­գա:

Է­կաւ, տե­սաւ օր սըփ Սար­գիսն է:

Դա­վիթ գնաց, օր սըփ Սարգ­սին համ­բու­րեր: Սըփ Սար­գիս ը­սեց.

-Հա­նէ քո Սըփ Նշան, ես համ­բու­րեմ, նոր դու ըն­ձի համ­բու­րէ:

Հա­նեց Սըփ Նշան, համ­բու­րեց սըփ Սար­գիս, էն լէ սըփ Սարգ­սին համ­բու­րեց:

-Դե գնա,- ը­սեց,- Աստ­ված խըտ քը­զի էղ­նի: Ու քշեց ձին:

Քե­ռի Թո­րո­սիկ մնաց ա­ղոթք է­նե­լու:

Ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հա­մա­ձայն, Սուրբ Սար­գի­սը Սա­սուն­ցի Դա­ւի­թը եւ Սա­սու­նի բո­լոր հե­րոս­նե­րը հո­վա­նա­ւո­րած է ոչ միայն պա­տե­րազ­մի դաշ­տին վրայ, այլ նաեւ՝ սի­րոյ մէջ:

Հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թեամբ Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նը կը յի­շա­տա­կուի ո՛չ միայն ե­կե­ղե­ցա­կան ծէ­սե­րով, այլ նաեւ՝ նուի­րա­կա­նա­ցած ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով: Ա­նոր բա­րե­խօ­սու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու սի­րոյ կեան­քին մէջ ցայ­սօր հրա­շա­գործ դեր կը կա­տա­րէ:

Ժո­ղովր­դա­յին սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն է այն, որ Սուրբ Սար­գի­սի նա­խոր­դող գի­շե­րը ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կը ճա­շա­կեն ա­ղի բլիթ, որ բո­լո­րա­ձեւ կար­կան­դակ մըն է, եւ այդ գի­շեր եր­բեք ջուր չեն խմեր՝ սպա­սե­լով ե­րա­զա­յայտ­նու­թեան մը՝ առըն­չուած փե­սա­ցուին կամ հարսն­ցուին: Յի­շա­տա­կե­լի է նաեւ ա­մա­նով փո­խին­դը՝ ա­լիւ­րը դնել տան տա­նի­քը կամ պատշ­գա­մը եւ սպա­սել Սուրբ Սար­գի­սի ձիու պայ­տի հետ­քին: Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, Սուրբ Սար­գի­սը հրեշ­տակ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ կ՚անց­նի, եւ ո­րու որ փո­խին­դին վրայ յայտ­նուի ա­նոր ճեր­մակ ձիու պայ­տին հետ­քը, այդ տա­րի կ՚ի­րա­կա­նա­նայ ե­րի­տա­սար­դին սի­րոյ ե­րա­զան­քը:

Այս ա­ռի­թով զի­րար սի­րող­ներ, ի­րենց սէ­րը ի­րա­րու հան­դէպ կը յայտ­նեն յա­տուկ բա­ցիկ­ներ ու­ղար­կե­լով եւ քաղց­րա­ւե­նիք նուի­րե­լով ի­րա­րու:

Հա­յոց Շա­րակ­նո­ցին մէջ Սուրբ Սար­գի­սին նուի­րուած է ամ­բողջ կա­նոն մը, Օրհ­նու­թեան շա­րա­կա­նի ա­ռա­ջին տու­նին մէջ ար­ձա­նագ­րուած է (Գրա­բա­րէ աշ­խար­հա­բա­րի վե­րա­ծուած).

Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան ընտ­րեալ եւ հա­ւա­տա­րիմ ծա­ռայ,

Յաղ­թող զի­նուոր եւ քաջ նա­հա­տակ.

Ա­րա­գա­հաս Սուրբդ Սար­գիս, շնորհք­նե­րու օ­թե­ւան.

Քրիս­տո­սի բա­րե­խօ­սէ բո­լո­րիս հա­մար:

Յայս­մա­ւուրք­նե­րը ըն­դար­ձա­կօ­րէն կ՚անդ­րա­դառ­նան ա­նոր վար­քին ու ա­ռա­քե­լու­թեան: Հա­մա­ձայն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու, Սուրբ Սար­գիս ազ­գու­թեամբ հռո­մէա­ցի ե­ղած է եւ իր զի­նուո­րա­կան բարձ­րո­րակ ու­նա­կու­թիւն­նե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք Ս. Կոս­տան­դիա­նոս Մեծն կայ­սեր կող­մէ «Իշ­խան եւ սպա­րա­պետ» կար­գուած է Կա­պա­դով­կիոյ, որ Հա­յաս­տա­նի մեր­ձա­կայ եր­կիր մըն էր այդ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին, եւ ո­րուն իր մայ­րա­քա­ղաքն էր այ­սօ­րուան Կե­սա­րիան: Ան ո՛չ միայն բա­ցա­ռիկ սպա­րա­պետ էր, այլ նաեւ քրիս­տո­նէու­թեան ջա­տա­գով եւ քա­րո­զիչ: Օգ­տուե­լով Կոս­տան­դիա­նոս կայ­սեր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի հան­դէպ ու­նե­ցած պաշտ­պա­նո­ղա­կան կե­ցուած­քէն եւ յօ­ժա­րա­կա­մու­թե­նէն՝ կը քան­դէր հե­թա­նո­սա­կան մե­հեան­նե­րը եւ ե­կե­ղե­ցի­ներ շի­նել կու տար, կը բազ­մաց­նէր քա­հա­նա­նե­րու թի­ւը, իր ու­նե­ցած նիւ­թա­կանն ու ինչ­քե­րը կը բաշ­խէր աղ­քատ­նե­րուն եւ զօ­րա­վիգ կը կանգ­նէր կա­րօ­տեալ­նե­րուն: Երբ Յու­լիա­նոս կայ­սե­րա­կան գա­հը ժա­ռան­գեց (360-363), իր հել­լէ­նա­կան կրթու­թեան եւ նոր պղա­տո­նա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թեան հա­մա­կիր ըլ­լա­լուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք ու­րա­ցաւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը եւ հա­լա­ծեց քրիս­տո­նեա­նե­րը: Այս պատ­ճա­ռով հա­մայն քրիս­տո­նէու­թեան կող­մէ Ու­րա­ցող մա­կա­նու­նը ստա­ցաւ: Ըն­թաց­քին, աս­տուա­ծա­յին յայտ­նու­թեամբ Սուրբ Սար­գի­սին թե­լադ­րուե­ցաւ փախ­չիլ հռո­մէա­կան կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն դուրս: Ան ա­պաս­տա­նե­ցաւ Հա­յաս­տան՝ իր որ­դիին հետ: Սա­կայն Հա­յոց թա­գա­ւո­րը՝ Տի­րան, որ Մեծն Տրդա­տի թոռն էր եւ Խոս­րով ար­քա­յին զա­ւա­կը, իր երկ­րի խա­ղա­ղու­թիւ­նը ա­ռաջ­նա­հերթ նկա­տի ու­նե­նա­լով եւ Յու­լիա­նոս կայ­սեր հետ զգոյշ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րե­լու գի­տակ­ցու­թեամբ, կը թե­լադ­րէ Սուրբ Սար­գի­սին անց­նիլ Պարս­կաս­տան եւ ծա­ռա­յել Շա­պուհ ար­քա­յին (310-379): Սուր­բը վեր­ջի­նիս մօտ քաջ զօ­րա­վա­րի մեծ համ­բաւ շա­հե­ցաւ:

Շա­պուհ՝ ի­մա­նա­լով, որ Սուրբ Սար­գիս իր զօ­րա­գուն­դե­րու զի­նուոր­նե­րը քրիս­տո­նեայ կը դարձ­նէ, հրա­մա­յեց ա­նոր կուռ­քե­րուն երկր­պա­գել եւ զոհ մա­տու­ցել կրա­կին: Սուրբ Սար­գիս կը պա­տաս­խա­նէ. «Կը հա­ւա­տամ եւ կ՚երկր­պա­գեմ մէկ Աս­տու­ծոյ՝ Ա­մե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան, որ ստեղ­ծած է եր­կինքն ու եր­կի­րը: Իսկ կրա­կը եւ կուռ­քե­րը ի բնէ աս­տուած­ներ չեն, հո­ղե­ղէն մար­դը կրնայ փճաց­նել զա­նոնք»: Խօս­քէն գործ­նա­կա­նի անց­նե­լով կը կոր­ծա­նէ կրա­կի բա­գի­նը եւ կը մա­րէ զայն: Մո­գերն ու զայ­րա­ցած հե­թա­նոս հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը յար­ձա­կին Սուրբ Սար­գի­սին եւ ա­նոր որ­դիին վրայ՝ քա­րով, փայ­տով, ա­քա­ցիով եւ բռունց­քով կը ծե­ծեն ու կը չար­չա­րեն զա­նոնք: Այդ ժխո­րին մէջ Սուր­բին զա­ւա­կը՝ Մար­տի­րոս, մար­տի­րո­սա­կան պսա­կը կ՚ըն­դու­նի: Թա­գա­ւո­րին հրա­մա­նով Սուրբ Սար­գի­սը կը բան­տար­կուի այն յոյ­սով, որ կրօ­նա­փոխ դառ­նա­լով կը շա­րու­նա­կէ իր զի­նուո­րա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով  օգ­տա­կար ըլ­լալ: Սա­կայն հաս­տատ կը մնայ իր հա­ւատ­քին մէջ: Կը վճռուի գլխա­տու­մը: Վե­րո­յի­շեալ իր վեր­ջին ա­ղօթ­քէն ետք դա­հի­ճը կը կտրէ ա­նոր գլու­խը: Նա­հա­տա­կուե­լէն ետք, ա­նոր մարմ­նին վրայ տե­սա­նե­լի կը ծա­գի լոյս, զոր տես­նե­լով իր զօ­րա­կան­նե­րէն տասն­չորս հո­գի, ո­րոնք ի­րեն հա­ւա­տա­րիմ էին, կ՚ամ­րապն­դուին ի­րենց հա­ւատ­քին մէջ: Վեր­ջին­ներս կը պա­տեն մար­մի­նը կտա­ւով եւ պատուա­կան թա­ղում կը կա­տա­րեն Հա­միան կո­չուած գիւ­ղին մէջ: Ա­պա­գա­յին ա­նոնք եւս նոյն ճամ­բուն վրայ կը նա­հա­տա­կուին:

Մեր Յայս­մա­ւուրք­նե­րուն մէջ կը գտնենք հե­տե­ւեալ յա­ւե­լուա­ծա­կան ծա­նօ­թագ­րու­թիւ­նը. «Նա­հա­տա­կուե­ցաւ Սուրբ Սար­գիս Պարս­կաս­տան… Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ վերց­նե­լով ա­նոր մար­մի­նը տա­րին ու պա­տուով դրին Հա­միան քա­ղա­քը: Եւ յե­տոյ Մես­րոպ Մեծ Վար­դա­պե­տը վեր­ցուց Սուրբ Սար­գի­սի մար­մի­նը  եւ տա­րաւ Կար­բի, եւ պա­տուով թա­ղեց ու այն­տեղ շի­նեց հռչա­կա­ւոր վանք մը, եւ ա­նոր ակ­ռա­նե­րէն մէ­կը առ­նե­լով տա­րաւ Վրաս­տան… դրաւ խա­չա­փայ­տի մէջ,  օ­ծեց զայն…»: Այս դէպ­քե­րը պատ­մուած են նաեւ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի հայ­րա­պե­տին յօ­րի­նած եւ Ս. Սար­գիս զօ­րա­վա­րին նուի­րած շա­րա­կան­նե­րուն մէջ:

Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ Սուրբ Սար­գի­սի յի­շա­տա­կը կը տօ­նեն Փետ­րուար 24-ին, յոյ­ներ՝ Յու­նուար 30-ին, մեր Յայս­մա­ւուրք­նե­րը՝ Յու­նուար 31-ին կը նշեն: Իսկ այժմ կը տօ­նենք Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­քի յա­ջոր­դող Շա­բաթ օ­րը: Այս պահ­քը նաեւ՝ Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նի սի­րե­լի ըլ­լա­լուն եւ պահ­քի օ­րե­րուն մեր­ձա­կա­յու­թեա­նը ազ­դե­ցու­թեամբ սխալ­մամբ ժո­ղովր­դա­յին ա­նուա­նու­մով կը կո­չուի «Սուրբ Սար­գի­սի պահք»: Իսկ ե­թէ Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը այդ օ­րուան զու­գա­դի­պի, Սուրբ Սար­գի­սի տօ­նը կը տե­ղա­փո­խուի յա­ջոր­դող Եր­կու­շաբ­թիին:

ՄԻՒ­ՌՈՆ ՔՀՆՅ. Ա­ՒԵ­ՏԻ­ՍԵԱՆ

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017