ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԷՆ ՀՐԱՆԴ ՄԵԼՔՈՒՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ
Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամներէն Հրանդ Մելքումեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Իսթանպուլ։ Եռօրեայ կեցութեան ընթացքին ան հիւրն էր Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեանի։ Իսրայէլի եւ Իզլանտայի միջեւ տեղի ունեցած մրցաշարքերու մասնակցելէ վերջ քաղաքս եկած էր Հրանդ Մելքումեան, որու առաջին այցելութիւնը չէր Իսթանպուլ։ Ան նախապէս ալ Առնօ Կարապետեանի հրաւէրով եկած էր Իսթանպուլ, այցելած էր նաեւ Շիշլի մարզակումբը։
Իսկ այս անգամուան այցելութեան շրջագծով Հրանդ Մելքումեան այցելեց Իսթանպուլի Ճատրակի միութիւնը։ Ան միութեան յարկէն ներս տարբեր տարիքներէ տասնհինգ անձի հետ մրցեցաւ նոյնաժամանակ։ Շուրջ երեք ժամ տեւեց այս խաղը, որու մասնակիցներու շարքին էին Առնօ Կարապետեան, Արի Քիրէմիտճեան, Շանթ Էօզպիւլպիւլ, Արթուն Էօզպիւլպիւլ, Տիգրան Էօզպիւլպիւլ եւ Տիգրան Էօզչելիք։
Հրանդ Մելքումեանի այս այցելութիւնը շատ ջերմ յիշատակի մը վերածուեցաւ՝ մանաւանդ իր հետ մրցելու հնարաւորութիւն ունեցած մարզիկներուն տեսակէտէ։