ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Էսաեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին ձօնուած հանդէս մը։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Արեւ Ելեկէնի եւ Արիս Նշանի հանդիսավարութեամբ։ Հանդէսի բացման ու փակման փուլերուն աշակերտները հետեւեցան պոլսահայ երկու օրաթերթերու՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ «Մարմարա»ի խմբագրապետներուն՝ Արա Գօչունեանի եւ Ռոպէր Հատտէճեանի կողմէ էսաեանցիներուն փոխանցուած ձայնագրեալ պատգամներուն։
Հանդիսութեան տեւողութեան արտասանեցին՝ Տիվինիա Տաղճը, Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան, Մելիսա Քալտըլը, Անի Աւագեան, Աննա Իվանեան։ Տղաքը կատարեցին նաեւ հաւաքական արտասանութիւններ։ Սուսաննա եւ Էտկար Իգիթեանները միասնաբար հանդէս եկան երաժշտական կատարումներով։ Գագիկ Օհանեան եւ Դանիէլ Ղարիպեան եւս մասնակցեցան յայտագրին։ Էսաեանցիները շուրջպար բռնեցին «Մեր լեզուն» երգով։
Հանդէսի աւարտին Էսաեանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան արտասանեց սրտի խօսքը, որու մէջ կանգ առաւ մայրենի լեզուի կարեւորութեան վրայ։
Սոյն հանդէսի աւարտին հրապարակուեցան նաեւ դպրոցէն ներս կազմակերպուած շարադրութեան մրցումի դափնեկիրները, որոնք էին՝ Նաթալի Մաշալը, Ասլին Չիզմէճեան եւ Արիս Նշան։