ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի տօնը երէկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Թաքսիմի համանուն հայ կաթողիկէից եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան քարոզը խօսեցաւ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ոսկեբերան երգչախումբին կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Զաւէն Ակայի։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայր Ֆելիչէ Մորանտի, որ նշանակուած է Երուսաղէմի մէջ պաշտօնավարութեան համար։ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան օրուան քարոզին մէջ ողջունեց անոր ներկայութիւնը եւ իրեն նուիրեց խաչ մը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէ վերջ կատարուեցաւ Թաթինա Չելիքթոփի իւղանկարներու եւ Կարպիս Էօզաթայի լուսանկարներու համատեղ ցուցահանդէսին բացումը։ Ներկայ էին Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ հայ կաթողիկէ հասարակութենէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր։ Այս ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի յատկացուի «Ալիք» հիմնարկին, որ ստեղծուած է կարիքաւորներու աջակցութեան համար։

Ոսկեբերան երգչախումբը Ս. Պատարագէն վերջ հանդէս եկաւ նաեւ աշխարհիկ երգերու կատարումներով։ Աւելի վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017