ՈՉ ԵՒՍ Է ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Սարգիս Սերովբեան։ 80 տարեկան հասակին ան մահացած է անողոք հիւանդութեան պատճառով։
Իր սերունդի յատկանշական դէմքերէն մին եղած է Սարգիս Սերովբեան, որու կեանքն ու գործունէութիւնը բազմակողմանի եւ դիպուկ ձեւով ներկայացուած է այսօր հրապարակուած ընտանեկան մահազդին մէջ։ Անցեալի մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին ալ աշխատակցած Սարգիս Սերովբեան վերջին շուրջ տասնհինգ տարիներու ընթացքին անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր «Ակօս» շաբաթաթերթի կայացման, գործակցելով հանգուցեալ Հրանդ Տինքին հետ։ Ան հայկական տոհմիկ արժէքներուն հետամուտ մտաւորական մըն էր, անուշադրութեան չէր մատներ նաեւ նախաքրիստոնէական ու դիցաբանական հարստութիւնները։ Հեղինակած էր նաեւ այս մասին գիրք մը, ունէր նաեւ թարգմանութիւններ։
Երախտաշատ ու համեստ գրչի մշակ մըն էր Սարգիս Սերովբեան, որու տարած աշխատանքը անմոռանալի պիտի դառնայ մեր իրականութեան մէջ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Սարգիս Սերովբեանի հոգւոյն՝ մեր խոնարհումը բերելով իր վաստակին առջեւ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր կողակցին՝ Մանիշակ Սերովբեանին, որդւոյն՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանին, դստեր՝ Կարինէ Սերովբեանին եւ համայն ընտանիքին։ Նոյն առթիւ մեր վշտակցութիւնները «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրութեան։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024