ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ՊԱՀՔԻ ՍԵՂԱՆ՝ ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ

ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան Պա­քըր­գիւ­ղի մաս­նա­ճիւ­ղը ե­րէկ պահ­քի սե­ղա­նով մը պա­տուեց փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Այս­պէս, Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ կու­սակ­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լե­ցին հայ, յոյն եւ ա­սո­րի հա­մայնք­նե­րէն դէմ­քեր։ Ֆլո­րիա­յի մէջ, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան զբօ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն մին էր ԱԳ կու­սակ­ցու­թեան Պա­քըր­գիւ­ղի մաս­նա­ճիւ­ղի գոր­ծօն դէմ­քե­րէն Ա­րամ Տէ­միր։

Հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Այ­սուն Չելիք­լէր, որ կը գլխա­ւո­րէ հիւ­րըն­կալ մաս­նա­ճիւ­ղը։ Սրտի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, հրա­պա­րա­կա­գիր Մար­գար Է­սաեան, յոյն հա­մայն­քէն Ան­տոն Փա­րի­զիա­նոս եւ ա­սո­րի հա­մայն­քէն Սա­իտ Սու­սին։

Կու­սակ­ցա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մօ­տա­լուտ Ս. Զատ­կուան առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղե­ցին հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք ի­րա­րու մի­ջեւ եւս փո­խա­նա­կե­ցին բա­րե­մաղ­թանք­ներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2015