ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:
Երեքշաբթի առաւօտ վարժարանի հանդիսասրահը գեղեցկօրէն զարդարուած՝ սիրով կը դիմաւորէր իր Ս. Զատկուան հիւրերը: Սրահին կեդրոնը լարուած էր մեծղի պաղպաղակներով, տուրմերով եւ շաքարեղէններով բեռնաւորուած Ս. Զատկի տաղաւարը: Փոքրիկներուն արտօնուած էր իրենց փափաքին ու ճաշակին համաձայն ազատօրէն համտեսել այդ համեղ քաղցրեղէնները: Բեմին վրայ ճուտիկներ, նապաստակներ, ստեպղիններ եւ գոյնզգոյն հաւկիթներ իրենց արտակարգ գրաւչութեամբ աչք կը քթթէին հանդիսականներուն: Իսկ բեմին առջեւ մանկապարտէզի աշակերտներուն համար սարքուած էր շքեղ սեղան մը:
Եւ սկիզբ առաւ հանդէսը: Տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով: Անոնք նախ իրենց սիրուն զգեստներուն մէջ կատարեցին Ս. Զատկի արտասանութիւններ եւ երգեցին զատկուան գողտրիկ երգեր թէ՛ հայերէնով, թէ անգլերէնով, ապա սկսաւ հոյակապ պարերու շարք մը: Կային աճպարարներու, գլխարկներու, նապաստակներու, ստեպղիններու, ճուտիկներու և զատկաճճիներու պարերը: Աճպարարները իրենց ձեռքի մէկ շարժումով գլխարկներու մէջէն դուրս կը բերէին նապաստակներ, որոնք իրենց կարգին կը սկսէին ցակռտել բեմին վրայ, վազելով ստեպղիններուն ետեւէն: Իսկ ճուտիկներ եւ զատկաճճիներ՝ ալ կ՚աւետէին գարունը իր ամբողջ կենսունակութեամբ:
Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկը: Ան շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն այս մեծ տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ժրաջան ուսուցչուհիներուն՝ մանկապարտիզպանուհիներ՝ Արշալոյս Ունճուի, Սիպիլ Աւագօղլուի, Ռեհան Եաղեազանի, Տալիլա Պաքքալօղլուի, Մելիսա Իփէքլիի, Մարալ Կիւլպայծառի, Միրելլա Կիւլէրի, երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշի եւ անգլերէնի ուսուցչուհիներ Իլոնա Քիւչիւքրէիսեանի եւ Փոլին Մավունաճըի, որոնք միասնաբար պատրաստած էին սոյն հանդէսը: Իսկ պարային աշխատանքներուն բծախնդրօրէն հսկած էր կրկին վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ռեհան Եաղեազան: Շնորհաւորութիւններէ ետք տղաքը նստան իրենց համար սարքուած սեղաններուն շուրջ եւ սկսաւ հաւկթամարտը: Զատկի սեղանին վրայ տեղ գրաւած էին նաեւ մանկապարտէզի աշակերտներուն իրենց փոքրիկ թաթիկներով պատրաստած անուշեղէնները: Կերուխումէն ետք փոքրիկները փութացին պարտէզ, ուր պիտի կատարուէր հաւկթորսը: Զատկի նապաստակը՝ Նապիկը նախապէս պարտէզի խոտերուն, ծառերուն, կանաչութիւններուն մէջ պահած էր գունաւոր հաւկիթներ: Տղաքը մեծ ուշադրութեամբ հաւաքեցին հաւկիթները եւ զանոնք զետեղեցին իրենց կողովներուն մէջ: Այս հաճելի խաղի աւարտին պզտիկները այցելեցին նաեւ Մխիթարեան վանական եկեղեցին Մխիթարեան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան փոքրիկներուն նուիրեցին յատկապէս Վիեննայէն բերուած նապաստակ տուրմի ծրարիկներ եւ զատկական մանրիկ գունագեղ խմորեղէններ պատրաստուած «Arlette» հաստատութեան կողմէ: Իսկ վարժարանի Ծնողաց միութիւնը տղաքը եւ ծնողները հիւրասիրեցին Զատկի խմորեղէններով:
Այսպէս՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը անգամ մը եւս իրեն վայել շքեղութեամբ տօնուեցաւ Մխիթարեանի մէջ, իր շուրջ համախմբելով փոքրիկները եւ անոնց սրտերուն մէջ արծարծելով սիրոյ եւ ուրախութեան բարի զգացումները:
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024