ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ԶԵՆՈԲ ԷՖԷՆՏԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԸ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ բարերար հանգուցեալ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանը՝ մահուան 106-րդ տարելիցին առթիւ։

Այս առթիւ երախտաշատ բարերարի Շիշլիի գերեզմանատան դամբարանին մօտ կատարուեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ գլխաւորութեամբ Տ. Մինաս Աւագ Քահանայ Ճիհանկիւլեանի։

Ներկայ էին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ ընկերները, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, դպրոցէն պատասխանատուներ եւ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի բոլոր յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։

Բոլորը բի՜ւր յարգանքով խոնարհեցան Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ բարերար հանգուցեալ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանի բարի յիշատակին առջեւ ու վերանորոգեցին իրենց երախտագիտական զգացումները անոր նկատմամբ։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018