ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Աւետարանի մէջ (ՄԱՏԹ. ԻԲ 2-14) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԴ 16-24) երբ կը խօսուի «հարսանեկան խրախճանք»ի մասին, ուր շատեր մերժած են մասնակցիլ անոր, կը խորհրդանշէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Ուստի խրախճանքի համար «Մորթուած զուարակ»ը, այսինքն մատաղ ցուլը՝ Ի՛նքն՝ Աստուծոյ Գառն է, որ զոհուեցաւ մեզի՝ մեղաւորներու փրկութեանը համար, որպէսզի լիանանք Անոր Սուրբ Մարմնով եւ Արեամբ, եւ միանանք Անոր հետ ամենասերտ միութեամբ, եւ ըլլանք մարմին՝ Անոր Մարմինէն եւ ոսկոր՝ Անոր Ոսկորներէն, ինչպէս որ հարկ է հարսին՝ Եկեղեցին։

Այս իմաստով առակին մէջ ներկայացուած թագաւորին որդին եւ անոր ամուսնութիւնը քրիստոնեայ հոգիներու եւ Քրիստոսի միութիւնն է՝ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդով։ Իսկ խրախճանքը՝ Անոր Մարմնի եւ Արեան ճաշակումն է։ Բայց արդեօք շատեր կ՚աճապարե՞ն այս Աստուածային խրախճանքին մասնակցելու…։ Արդեօք այսօր ալ չե՞ն խոստանար, եւ մասամբ մեծամասնութեամբ այս երկնային անապական ընթրիքին մասնակցիլ՝ անհոգութեան, անտարբերութեան, ծուլութեան, թերահաւատութեան, մեծամտութեան, կենցաղային տարբեր պատճառներով եւ տեսակ տեսակ նկատառումներով։ Յաճախ ժամանակ չենք գտներ երթալու հաւատքի եւ Աստուծոյ հետ խրախճանքի հանդիպման, քանի որ կ՚ուզենք զբաղիլ զանազան գործերով՝ հաճոյքներով եւ աշխարհային զբաղումներով։ Աւելի շատ հետաքրքիր ենք աշխարհային զբաղումներով, որովհետեւ գերին ենք դարձած անոնց։

Այսպէս կ՚արտայայտուի մարդոց թերահաւատութիւնը, հոգեւոր թուլամտութիւնը, ամլութիւնը, աշխարհասիրութիւնը եւ աշխարհամոլութիւնը, հաւատքի մեծագոյն խորհուրդի նկատմամբ անոնց անուշադրութիւնը, անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը՝ քրիստոնեաներու ունայնութիւնը եւ անշնորհակալութիւնը Տիրոջ նկատմամբ։ Բարեբախտաբար Տէրը միշտ հանդուրժող է եւ ներո՛ղ իր զաւակներուն հանդէպ։ Հակառակ անոնց անտարբերութեան Ի՛նքն է որ կ՚առաջարկէ զԻնք որպէս Կերակուր եւ Ըմպելիք մարդոց մաքրագործման, սրբացման եւ անմահութեան՝ յաւիտենական երանութեան համար։

Աստուծոյ հրաւէրը մերժողներ արդեօք չե՞ն խորհիր թէ իրենք ալ կրնան մերժուիլ հրաւիրողին՝ Աստուծոյ կողմէ։ Տիրոջ արդար դատավճիռը սա է հրաւէրը մերժողներու մասին. «Առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։ Քանի որ կանչուածները բազմաթիւ են, իսկ ընտրեալները՝ սակաւ։ Այս կը նշանակէ, որ նոյն իսկ քրիստոնեաներէն ոմանք, այսինքն անոնք որ անուանեալ եւ կարծեցեալ քրիստոնեայ են, պիտի չկարենան մտնել Երկնային Արքայութիւն։

Առակին մէջ կը տեսնուի, որ թագաւորը նախքան ուրախութեան սկսիլը ներս կը մտնէ, որպէսզի տեսնէ թէ ո՞վ է հրաւիրեալներէն ուրախութեան մասնակցելու արժանի եւ ո՞վ արժանի չէ։ Եկեղեցւոյ անդամներուն պարտքն է պատշաճ կերպով ներկայանալ Եկեղեցի։ Եկեղեցւոյ անդամագրուելու համար ամէն մէկէն կը պահանջուի առաջարկուած «հարսանեկան զգեստ» հագնիլ։ Այս կը նշանակէ՝ մկրտութեամբ մաք-րըւած, սրբուած եւ վերածնուած հոգիի «պայծառ զգեստ»ը՝ որ պէտք է հագնի ամէն ոք, որ կը դառնայ Եկեղեցւոյ անդամ. այդ իսկ պատճառով մկրտուող մանուկը ճերմակ շապիկով կը ներկայացուի սուրբ Աւազան՝ որպէս հոգիի մաքրութեան եւ սրբութեան խորհրդանի՛շ։

Անհոգ, անփոյթ եւ անտարբեր հիւրը նոյնպէս գիտէր, որ արքայի խրախճանքին մասնակցելու համար պէտք է պատշաճ զգեստով ներկայանալ, ան ստացաւ հրաւէրը, բայց արհամարհեց եւ չհագաւ պատշաճ զգեստը, մինչդեռ կրնար յարմար ժամանակամիջոցի մը մէջ երթալ եւ փոխել իր զգեստները եւ հաւանաբար այդ ժամանակամիջոցը պիտի տրուէր իրեն, քանի որ ան կարեւորութիւն ընծայած էր հրաւէրին եւ հրաւիրողին։

Եւ քանի որ չէր հանած չարութեան եւ ապականութեան աղտոտ զգեստը, եւ նենգութեամբ եւ խորամանկութեամբ՝ յետին նպատակով մտած էր խրախճանքին վայրը, այսինքն՝ անաստուածութեամբ եւ ամբարշտութեամբ, իր հետ ոչինչ բերելով Քրիստոսի պատուիրածներէն եւ բարի գործերէն, այդ պատճառով պապանձեցաւ, որովհետեւ որեւէ արդարացուցիչ պատասխան չունէր. սակայն ոչսպառնալից այլ մեղմնաբարոյ յանդիմանութեան արժանի եղաւ. «Բարեկա՛մ, ի՞նչպէս հոս մտար առանց հարսանիքի հագուստ ունենալու» (ՄԱՏԹ. ԻԲ 12)։ Եւ անպատշաճ կերպով ներկայացող հրաւիրեալը պատժուեցաւ, քանի որ գիտէր, թէ ի՛նչ պիտի ընէր, ինչպէս պիտի վարուէր, եւ սակայն չըրա՛ւ։

Հրեշտակները կապեցին անոր ոտքերը եւ ձեռքերը եւ դուրս հանեցին՝ տանջանքերու վայր, որովհետեւ մեղաւոր ուղին ընտրած էր եւ այդ խոտոր ճամբէն կ՚ընթանար, ուստի կապեցին ձեռքերը՝ որոնք ուժեղ էին չար գործեր կատարելու համար։

Այդ անպատշաճ եւ անարժան հրաւիրեալին նման, նո՛յնպէս Աստուծոյ Երկնային Արքայութեան մասնակից եւ արժանի չի կրնար ըլլալ այն մարդը՝ որ մկրտութեամբ ստացած իր հոգիի մաքրութիւնը խնամքով եւ աշխատանքով իր մէջ չի պահպաներ, եւ եթէ չի ջանար բարիք գործել։

Արդարեւ, միայն Սուրբ Գիրք կարդալը, լսելը եւ Աստուծոյ հաւատալը տակաւին քիչ է փրկուելու համար՝ պէտք է հաւատքին միանայ յոյսը՝ թէ Աստուած մեզ կարող է փրկել եւ սէր՝ Աստուծոյ եւ համայն մարդկութեան։ Արդարեւ հաւատքը պէտք է գործի վերածուի՝ վստահութեա՛մբ, անվարան եւ հաստատ վստահութեամբ եւ շարժիլ, գործել, աշխատիլ այդ ճշմարիտ վստահութեամբ։ Ուրեմն պէտք է ջանք թափել հաւատքը եւ վստահութիւնը կեանքի կոչելու. քա՛ջ ըլլալ տոկալու եւ դիմադրելու ամէն դժուարութիւն, նեղութիւն եւ արգելք՝ որոնք հաւատքը եւ վստահութիւնը կը տկարացնեն։

Այս իմաստով, ամէն մէկուս կեանքին մէջ միշտ Աստուածային հրաւէրը գոյութիւն ունի, կարեւորը՝ նախ անդրադառնալ այդ հրաւէրին, եւ անդրադառնալ մանաւանդ Հրաւիրողին, որ միշտ կը հոգայ մեզ, քանի որ Ան ո՛չ միայն Արարիչ, այլ եւ Նախախնամ է։ Ուրեմն հրաւէրին եւ Հրաւիրողին անդրադառնալէ ետք՝ երկրորդ, պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ հրաւէրին պատշաճ կերպով ընդառաջելու եւ մասնակցելու, որպէսզի արժանի ըլլանք մաս կազմել այդ երկնային ուրախութեան։

Հարսանիքի խրախճանքի վերոյիշեալ առակին մէջ, ահաւասիկ, այս է որ կը տրուի մեզի. արթուն եւ պատրաստ ըլլայ հրաւէրին՝ որ կրնայ առաջարկուիլ որեւէ պահու, որեւէ անակնկալ ժամանակի։ Եւ մարդիկ, ընդհանրապէս կը կարծեն, թէ այդ «ժամանակ»ը տակաւին շատ հեռո՜ւ է իրենց անձէն, բայց չեն խորհիր՝ թէ այդ «ժամանակ»ին նկարագիրը «անժամանա՛կ» է…։

Ուստի շատեր կը ստանան այդ հրաւէրը, բայց երկրաւոր կեանքի հոգերը, զբաղումները, հարստութեան հրապոյրը, մէկ խօսքով՝ աշխարհասիրութիւնը կը խեղդէ Աստուծոյ հրաւէրը, որ կը մերժեն եւ ապարդիւն կը մնայ ինքն իր մէջ։ Եւ հրաւիրեալներէն ամէն մէկը պատճառ մը, պատրուակ մը կը գտնէ՝ Աստուծոյ կանչին, Աստուածային հրաւէրին ականջ չդնելու եւ չընդառաջելու համար անոր։ Եւ յայտնի է՝ թէ ո՛չ մէկ պատճառաբանութիւն, ո՛չ մէկ պատրուակ Աստուծոյ ծառայութեան արգելք չէին, կարելի էր յետաձգել զանոնք…։

- Սկզբնաղբիւր.-

Ա) Ստեփաննոս Այունեցիի «Չորս աւետարաններու համառօտ մեկնութիւն», եւ

Բ) Սուրբ Յովհան Կրոնշտադսկիի «Խրատներ»։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 31, 2019 Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019