ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍԸ
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան վերջերս ունեցաւ խորհրդանշական հիւր մը։ Այսպէս, իր այցելութեան փութաց Լաքի Վինկաս, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը զբաղեցնէր այդ պաշտօնը։ Անտարակոյս Թորոս Ալճանի տեսանկիւնէն զգացական խոր նշանակութիւն ունեցաւ այս այցելութիւնը։ Անմիջական եւ յուզումնախառն զրոյցի ընթացքին Լաքի Վինկաս եւ Թորոս Ալճան կարծիքի փոխանակումներ ունեցան երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կեանքի առկայ նուաճումներուն եւ մարտահրաւէրներուն առընչութեամբ։
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Անգարայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Վագըֆներու խորհուրդին հերթական նիստը։ Ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Պելկրատգաբուի Այա Փանաիա յունաց եկեղեցւոյ վերաբերեալ վարչական խնդիրներ։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024