ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՁԵՌՆԱՐԿ
Կը տեղեկանանք, որ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ ոգեկոչման ձեռնարկ մը կազմակերպուած է ի յիշատակ անմահ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է մամուլի մէջ, հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթավերջին։ Վարժարանի հայերէնի ուսուցիչներու կազմը որոշած է ոգեկոչել մեր գրականութեան հսկաներէն Դանիէլ Վարուժանը։ Ձեռնարկը կը զուգադիպի 2015 թուականին, որու մթնոլորտը յաւելեալ իմաստ մը կը վերագրէ անոր, քանի որ Դանիէլ Վարուժանի ալ եղեռական մահուան 100-րդ տարելիցն է ներկայիս։
Շաբաթավերջի ոգեկոչման հանդիսութեան ընդառաջ, Կեդրոնական վարժարանին մէջ իրականացուեցաւ միջլիսէական նկարչական աշխատանք մը։ Այսպէս, համայնքային հինգ լիսէներու աշակերտները Դանիէլ Վարուժանի վերաբերեալ իրենց ունեցած գիտելիքներուն ներշնչանքով կատարեցին գծագրութիւններ եւ անոնց ստեղծագործական աշխատանքի արդիւնքն ալ պիտի ներկայացուի շաբաթավերջի հանդիսութեան շրջագծով։ Կեդրոնականցիները պատրաստած են բազմակողմանի ծրագիր մը, որ պիտի ցոլացնէ Դանիէլ Վարուժանի գործունէութիւնը եւ հայոց գրական անդաստանէն ներս ունեցած դիրքը։
Ոգեկոչման ձեռնարկին առթիւ պատրաստուած է նաեւ մասնաւոր գրքոյկ մը, որ մնայուն ձեռքբերումի մը պիտի վերածուի սոյն ձեռնարկին շարժառիթով։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024