ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին հիւրընկալեց Մալաթիացի հայերու հայրենակցական միութեան նորընտիր վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճիի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի սկիզբին ընդունեց այցելուներու շնորհաւորութիւնը։ Անոնք Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին միութեան վերջերս տեղի ունեցած համագումարին եւ անդամներու ընդհանուր դիմագիծին շուրջ։ Վարչայինները բաժնեցին նաեւ իրենց տեսակէտները՝ հայրենակցական միութիւններու համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ գնահատեց միութեան գործունէութիւնը։ Ան մաղթեց, որ միութեան աշխատութիւնը առիթ հանդիսանայ մշակութային եւ ընկերային գետնի վրայ զարգացումներու։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց միութեան վարչայիններուն։
Թրքահայ կեանք
- 02/07/2025