ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔԸ
«Վա՜յ աշխարհին, քանի գայթակղութիւնները անպակաս են հոն։ Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։
Յիսուսի այս խօսքերէն կը հասկնանք, որ աշխարհի վրայ գայթակղութիւն, չարիք պիտի չպակսին, միշտ գոյութիւն պիտի ունենան, բայց նաեւ անպատիժ պիտի չմնա՛ն։
Արդարեւ տեւական մարդկային միտքը զբաղեցնող հարց մըն է՝ թէ Աստուած ինչո՞ւ կ՚արտօնէ չարին, որ չարիք գործէ եւ թէ ինչո՞ւ արգելք չի հանդիսանար չարին։ Աստուած քանի որ «բարի» է բնութեամբ, ապա ինչո՞ւ համար ամէն ինչ «բարի» չէ ստեղծած, չէ ստեղծած աշխարհ մը՝ ուր ոչ մէկ «չարիք» գոյութիւն ունենար։
Հրեշտակներ եւ մարդիկ «իմացական» եւ «ազատ» արարածներ ըլլալով, ազատ կամքով կ՚ընթանան եւ նախընտրական վիճակի մէջ կը գտնուին։ Եւ այս իսկ պատճառով անոնք կրնան շեղիլ իրենց բնականոն ընթացքին մէջ, եւ երբ շեղին իրենց ճամբէն՝ կրնան ընտրել չարը եւ չարիք գործել։
Ահաւասիկ, այսպէս է որ, «Բարոյական չարիք»ը որ ֆիզիքական չարիքէն անհամեմատօրէն աւելի՛ ծանր է, մտած է աշխարհ։ Բայց «չար» չէ ստեղծուած, այլ ան «բարի»ին կերպարանափոխուած, յեղաշրջուած վիճակն է. թիւր ձեւն է անիկա բարիին։ Արդարեւ, էականը՝ հիմնականը «բարի»ն է եւ չարը անոր փոխուած վիճակն է։ Ասիկա կարելի է բացատրել նաեւ փտած, նեխած պտուղի մը օրինակով. թարմ եւ փտած պտուղը նո՛յն պտուղն է, թարմ վիճակը՝ «բարի»ն է, իսկ փտած վիճակը՝ «չար»ը։ Բայց էապէս անիկա պտուղ է եւ իսկական վիճակը թարմ վիճակն է, իսկ փտածը՝ յեղաշրջուած, արտաքին բնական ազդեցութիւններով եւ պատճառներով փոխուած, թիւր վիճակը։ Այսպէս ալ՝ ընդհանուր առումով «չար» կոչուածը այլայլուած «բարի»ն է, եւ ո՛չ թէ ստեղծուած կամ եղած…։
Ըստ Պօղոս առաքեալի, Եկեղեցին միշտ ուսուցած է, թէ մարդոց վրայ ճնշող անսահման խեղճութիւնը, ինչպէս նաեւ «չար»ին եւ մահուան հանդէպ անոնց հակումը չեն հասկցուիր առանց անոնց Ադամի մեղքին հետ ունեցած կապին եւ այն իրողութեան, թէ Ադամ մեզի փոխանցեց մե՛ղք մը՝ որմէ բոլորս արատաւորուած կը ծնինք, որ «մա՛հն է հոգիին»։ Հիմնուելով հաւատքի այս ստուգութեան վրայ, Եկեղեցին մեղքերու թողութեան համար Մկրտութիւն կու տայ նոյնիսկ անձնական մեղք չգործած մանուկներուն։
Ամբողջ մարդկային ցեղը՝ Ադամին մէջն է «իբրեւ միակ մարդու մը միակ մարմինը». եւ այս միութեամբ բոլոր մարդիկը կցորդակից են Ադամին մեղքին, ինչպէս որ բոլորը բաժնեկից են Քրիստոսի արդարութեան։
Սկզբնական մեղքին փոխանցումը խորհո՛ւրդ մըն է, զոր մենք կարող չենք լիուլին հասկնալ, բայց մենք Յայտնութենէն գիտենք, թէ Ադամ ընդունած էր սկզբնական սրբութիւնը եւ արդարութիւնը, ո՛չ միայն իրեն համար, այլ համայն մարդկային բնութեան համար։
Ադամ եւ Եւա տեղի տալով փորձիչին, «անձնական մեղք» մը գործեցին, սակայն այս մեղքը կը վարակէ «մարդկային բնութիւն»ը, զոր անոնք պիտի փոխանցեն «անկեալ վիճակի մէջ»։ Ասիկա մարդկութեան մեղք մըն է, որ տարածումով պիտի փոխանցուի ամբողջ մարդկութեան, այսինքն փոխանցումով սկզբնական սրբութենէն եւ արդարութենէն արդէն զրկուած մարդկային բնութեան մը։ Ասոր համար սկզբնական մեղքը հանգիտութեամբ կոչուած է «մե՛ղք». ան «փոխանցուած» մեղք է, ո՛չ գործուած, «վիճակ» մըն է. ո՛չ «արարք» մը։
Այս կէտին կարելի է հարցնել հարցում մը, թէ ի՞նչու համար Աստուած առաջին մարդուն մեղքին արգելք չդրաւ։
Այս մասին Սուրբ Լեւոն Մեծ սապէս կ՚ըսէ. «Քրիստոսի անպատում շնորհքը մեզի տուաւ աւելի լաւ բարիքներ քան ինչ որ սատանային (չարին) նախանձը մեզմէ առած էր»։ Եւ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Ո՛չ մէկ բան կը հակադրուի թէ մարդկային բնութիւնը մեղքէն ետք աւելի գերակայ վախճանի մը սահմանուեցաւ։ Արդարեւ, Աստուած թոյլ կու տայ որ չարիքը գործուի, որպէսզի անորմէ շատ աւելի մեծ բարիք մը քաղէ։ Ահա նաեւ Պօղոս առաքեալի խօսքը.- Հոն ուր մեղքը առատացաւ, շնորհքը ա՛լ աւելի առատացաւ (ՀՌՈՄ. Ե 20)։ Իսկ «Ցնծասցէ» լատին երգը կ՚ըսէ.- Օ՜ երանելի յանցանք, որ արժանացաւ այսպիսի մեծ Փրկիչի մը»։
Ուստի, չարը Աստուծոյ գործը չէ, Աստուած բարի է եւ երբեք չարը չի ստեղծեր։ Աստուած չ՚ուրախանար կենդանի էակներու՝ Իր արարածներու կորուստով։ Սատանային նախանձէն է, որ չարը աշխարհ մտաւ։ Եւ ինչպէս աւելի առաջ յիշեցինք, «չար»ը չէ ստեղծուած, այլ «բարի»ին փոփոխութենէն՝ կերպարանափոխութենէն կամ ձեւափոխութենէն յայտնուած է։ Բարիին այլասերումին արդի՛ւնք է չարը։ Բայց կարեւորը, չարէն բարին վերարտադրելն է. չարէն բարին քաղել, չարը վերափոխել դարձեալ բարիի, այսինքն իր իսկական, բնական վիճակին։ Եւ ամէն չարի մէջ կայ անպայման բարիի ջիղ մը՝ որը պէտք է գտնէ մարդ եւ այդ է ահաւասիկ իր ամենամեծ յաղթանա՛կը կեանքի պայքարին մէջ…։
Արդարեւ, որեւէ արժէք մը կարենալ յայտնուելու համար միշտ իր հակադիր արժէքը պէտք է ունենայ. լոյսը «լո՛յս» է՝ որովհետեւ «խաւար»ը կայ, ճերմակը «ճերմա՛կ» է՝ որովհետեւ «սեւ»ը գոյութիւն ունի եւ նոյնպէս բարին «բարի՛» է, քանի որ «չար»ը կայ, եւ այս կերպով ամէն արժէք իր հակադիր արժէքին հետ բաղդատելով է, որ կը յայտնուի եւ արժէք կը ստանայ։ Ուրեմն, այս ուղղութեամբ, պէ՛տք է որ ըլլայ «չար»ը՝ որպէսզի բարիին արժէքը հասկցուի։
Չէ՞ որ մարդ իր առողջութեան արժէքը կը հասնկայ երբ կորսնցնէ զայն եւ հիւանդանայ…։
Առաջին մեղքը՝ Աստուծոյ հետ խզում մըն է, եւ անոր առաջին եւ բնական հետեւանքն ալ մարդուն եւ կնոջ սկզբնական հաղորդակցութեան խզումը եղաւ։ Եւ այսպէս կը տիրապետէ չարը. անոնց յարաբերութիւնները փոխադարձ մեղադրանքներով կը ծռմռին. Արարչին յատուկ պարգեւ եղող իրարու հրապոյրը կը փոխուի տիրապետող եւ ընչաքաղց վարմունքի։
Ուստի «չար»ին իշխանութեան ամբողջութեամբ ենթարկուած (Ա ՅՈՎՀ. Ե 19) աշխարհի այս ողբերգական կացութիւնը մարդուն կեանքը կը վերածէ պայքա՛րի մը։ Եւ մարդոց ամբողջ պատմութեան մէջէն խաւարին զօրութիւններուն դէմ կը ծաւալի անողոք պայքար մը. պայքար մը ծնած սկիզբէն իսկ, եւ որ պիտի տեւէ մինչեւ վերջին օրը ինչպէս Տէրը ըսաւ մեզի։ Եւ մարդոց մէջ սիրոյ տեղ կը տիրէ ատելութիւնը։
Լծուած այս պայքարին, մարդը պարտի անդադար մաքառիլ՝ յարելու համար բարիին։ Ի գին մեծ ճիգերու, եւ Աստուծոյ շնորհքով, ան կարող կ՚ըլլայ իր ներքին միութիւնը իրագործել։
Աստուած մարդը երբեք չլքեց իր անկումէն ետք։
Աստուած մարդը կանչեց եւ խորհրդաւոր կերպով աւետեց անոր յաղթանա՛կը չարին դէմ եւ վերականգնումը իր անկումէն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 27, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024