ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԴԱՓՆԵԿԻՐ ՍԱՆԵՐԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցոյթ­նե­րու մէջ։ Այս­պէս Մա­սիս Քա­րա ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ «Neslin Değişen Sesi» վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած մրցոյ­թի ար­դիւն­քին եւ իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան շնոր­հիւ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ հա­մա­կար­գի­չով մը։ Նոյն մրցոյ­թին շրջագ­ծով Ե­րազ Պէ­շիկ­թաշ­լեանն ալ ար­ժա­նա­ցած է ման­սիո­նի։ Այս եր­կու ա­շա­կերտ­ներն ալ պատ­րաս­տուած էին թրքե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Մեհ­մէտ Շա­հէ­րին­ճի­քի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը ի­րենց կա­յուն յա­ջո­ղու­թիւ­նը տե­ւա­կա­նա­ցու­ցին նաեւ «Mind Lab» մրցոյ­թի Թուր­քիոյ մրցա­շար­քին գծով եւ 27 դպրոց­նե­րու շար­քին հան­դի­սա­ցան չոր­րորդ։ 

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015