ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՊՍԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քա­կան մկրտու­թեան եւ պսա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Խո­րա­պէս տպա­ւո­րիչ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծուե­ցաւ տեր­սիմ­ցի տաս­ներ­կու պա­տա­նի­նե­րու եւ չա­փա­հաս­նե­րու Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թեան ըն­թաց­քին։ Մկրտու­թեան յա­ջոր­դեց ա­նոնց շար­քին եր­կու զոյ­գե­րու Ս. Պսա­կի խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան եւ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան։

Մկրտեալ տաս­ներ­կու տեր­սիմ­ցի հա­յե­րէն տասն ար­դէն չա­փա­հաս­ներ էին, իսկ եր­կու­քը՝ պա­տա­նի­ներ։ Ա­նոնց կնքա­հայ­րե­րը ե­ղան՝ Նա­զար Պի­նաթ­լը, Բագ­րատ Էս­դու­քեան, Գա­մէր Գա­րա­թայ­լը, Յա­կոբ Ալ­թըն­գա­յա եւ Պօ­ղոս Չո­լաք։ Յա­ջոր­դած Ս. Պսա­կի խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին խա­չե­ղ­բայր­նե­րը ե­ղան Գա­մէր Գա­րա­թայ­լը եւ Ե­րուանդ Տինք։

Խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, մինչ ստեղ­ծուած էր իս­կա­պէս շատ յու­զում­նա­լի մթնո­լորտ մը։ Բո­լո­րը զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ ու ող­ջա­գուրուե­ցան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րով։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015