ԱՆԳԼԻԵՐԷՆ ԲԱՌԱԽԱՂԻ ՄՐՑՈՅԹ
Էսաեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 9-րդ անգամ կազմակերպուած է միջվարժարանային անգլիերէն բառախաղի (Scrabble) մրցոյթը։ Երէկ միջնակարգերու հանդիպումները տեղի ունեցան վարժարանի սրահին մէջ, իսկ այսօր տեղի կ՚ունենան լիսէինները։
Միջնակարգերու մրցոյթի աւարտին երէկ տեղի ունեցաւ եզրափակիչ հանդիսութիւն մը։ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ, ինչպէս նաեւ մասնակից վարժարաններու անգլիերէնի ուսուցիչները մասնակցութիւն բերին մրցանակաբաշխման արարողութեան։ Խմբային դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Էսաեան, որուն յաջորդեցին Պէզճեան եւ Մէրամէթճեան։ Անհատական դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Սարին Արսլան (Պէզճեան), որուն հետեւեցան Արիս Նշան (Էսաեան) եւ Թալիա Ճամկէօզ (Էսաեան)։
Պարգեւատրման աւարտին բոլորը համախմբուեցան վարժարանի պարտէզին մէջ, ուր փոխանակուեցան շնորհաւորութիւններ։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024