ԷՍԱԵԱՆԻ ԲԱՌԱԽԱՂԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած անգ­լե­րէն բա­ռա­խա­ղի (Scrabble) 9-րդ մր­ցոյ­թը ե­րէկ եզ­րա­փա­կուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Նա­խըն­թաց օ­րուան միջ­նա­կար­գե­րու պար­գե­ւատ­րու­մէն վերջ, ե­րէկ ալ լի­սէ­նե­րու դա­սա­ւոր­ման մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ։ Հա­մայն­քա­յին հինգ լի­սէ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, Իս­թան­պու­լի այլ լի­սէ­ներ եւս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս բա­ռա­խա­ղե­րուն, ի­րենց անգ­լե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, Է­սաեա­նի ըն­տա­նի­քը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց բո­լոր խում­բե­րը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը կեն­սու­նակ մի­ջա­վայ­րի մը մէջ ա­ռիթն ու­նե­ցան չա­փե­լու ի­րենց անգ­լե­րէ­նի գի­տու­թիւ­նը։

Ար­դիւն­քին՝ խմբա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Կեդ­րո­նա­կան, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Սա­հա­կեան-Նու­նեան եւ Է­սաեան։ Ան­հա­տա­կան դա­սա­ւոր­ման մէջ գե­րա­զան­ցիկ հա­մա­րուե­ցաւ Թա­լին Ագ­պաշ (Սա­հա­կեան-Նու­նեան), ո­րուն հե­տե­ւե­ցան Ճան Սո­լա­քօղ­լու (Կեդ­րո­նա­կան) եւ Քա­մի Վան­լըօղ­լու (Է­սաեան)։

­Դափ­նե­կիր­նե­րը ծա­փող­ջոյն­նե­րու ներ­քեւ ստա­ցան ի­րենց յու­շա­նուէր­նե­րը եւ մրցոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը ար­ձա­կուե­ցան փո­խա­դարձ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015