«ՄԵՏԱՂԻՆ ՓԱՌՔԸ…»
Երէկ յետմիջօրէին, Սկիւտարի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, տեղւոյն «Նեւմեքան սահիլի» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Գարեգին Քայա Քալայճըի «Մետաղին փառքը» (Մատենին Իհթիշամը) խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Բացման հանդիսութեան յանուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, մասնակցեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Գարեգին Քալայճը յատկապէս հանրածանօթ դարձած է Օսմանեան շրջանէ հասած «թոմպաք» կոչուած ձեռարուեստով, զոր կը ձեռագործէ պղինձը։ Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ սոյն ձեռարուեստի միակ ներկայացուցիչներն են Գարեգին Քալայճըն եւ իր դուստրը՝ Ռուպինա Քալայճը Չընարը։ Սկիւտարի քաղաքապետ Հիլմի Թիւրքմէն փափաքն ունեցած էր այս պատմական արուեստը ցուցահանդէսով մը ներկայացնել հանրութեան։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան այս առիթով Պատրիարք Սրբազան Հօր ողջոյնները փոխանցեց Սկիւտարի քաղաքապետին եւ յաջողութիւն մաղթեց։ Առ այս, Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը փոխանցեց նաեւ Քալայճը ընտանիքին եւ գնահատեց իրենց տարած եզակի աշխատութիւնը։ Յիշեալ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ հոկտեմբերի 18-ը։
Թրքահայ կեանք
- 02/08/2025