ԾԱՂԻԿ ՉՈԼԱՔԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Տատեան վարժարանի խումբ մը շրջանաւարտներ Պագըրգիւղի մարինայի «Քազանճըլար» ճաշարանին մէջ մեծարանքի հաւաքոյթ մը կազմակերպեցին ի պատիւ վաստակաւոր կրթական մշակ Ծաղիկ Չոլաքի, որ այս տարեշրջանի աւարտին հանգստեան կոչուեցաւ թաղի վարժարանէն։ Իր զանազան սերունդներէ սաներուն կողմէ շրջապատուած՝ մեծարեալը առարկայ դարձաւ բոլորի յարգանքի եւ համակրանքի զգացումներուն։
Յայտագրի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հերմինէ Չընար, Թաթիանա Պոստան, Դալար Մաթաթեան եւ Սիլվա Տուման։ Ձեռնարկի մասնակիցները յուշանուէր մըն ալ պատրաստած էին վաստակաշատ կրթական մշակին համար։
Ճաշկերոյթի աւարտին հանդիսաւորապէս հատուեցաւ նաեւ Ծաղիկ Չոլաքի համար պատրաստուած կարկանդակը։ Իր հերթին, մեծարեալ կրթական մշակն ալ սրտի խօսք մը արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնեց իր սաներուն, որոնք այնքան յարգալիր եւ երախտագէտ վերաբերմունք ցոյց տուին իրեն նկատմամբ։