ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի նոր համալիրի եւ յարակից «Շանսիթի»ի շինարարութեան աշխատանք-ները կը շարունակեն առարկայ դառնալ հանրային կարծիքի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան շրջանակներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Ասոր փոխարէն, հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ալ բաւական թափանցիկ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ որպէսզի իւրաքանչիւր հանգրուանին մասին հանրային կարծիքը հնարաւորութիւն ունենայ առաւելագոյնս լուսաբանուելու։ Ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ իր ընկերները գնահատելի նախանձախնդրութիւն կը դրսեւորեն այս ուղղութեամբ։ Իրենց այս գործելաոճին կարեւոր դրսեւորումներէն մին եղաւ շաբաթավերջին Ս. Յակոբի ակումբին մէջ կազմակերպուած իրազեկման հաւաքոյթը, որով հերթական անգամ բացատրութիւններ տրուեցան այս ծրագրին հասած հանգրուանին առընչութեամբ։ Հաւաքոյթին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Ներկայ էին հոգաբարձութեան նախկին շրջաններէն անդամներ, Հայ Կաթողիկէ հասարակութենէն վարչայիններ եւ Aտիկնանց յանձնախումբերէն դէմքեր։ Հոգաբարձութիւնը հրաւիրած էր նաեւ Vision Europe ընկերութեան ներկայացուցիչ-իրաւաբան Ճէմ Չեթինը եւ շինարարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած ընկերութեան սեփականատէր Տուրսուն Էօզպէքը։
Պեռնար Սարըպայի եւ ընկերներուն կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւնները եկան ապացուցանել, թէ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Vision Europe-ի համագործակցութեան հեռանկարները կը խոստանան նոր հորիզոններ։ Կողմերը նպատակասլաց աշխատանք կը ծաւալեն, որպէսզի ժամ առաջ կառուցման աշխատանքները աւարտին։ Հոգաբարձութիւնը համոզիչ տուեալներով ապացուցանեց, որ կը պատրաստուի քաղել իր հեռատեսութեան պտուղները։ Պեռնար Սարըպայ նախ ամփոփեց շինարարութեան հանգրուանները, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի ծերանոցի բաժնի կացութիւնը եւ քաղաքիս զբօսաշրջական գօտիէն ներս ձեռնարկուած այս ծրագրին առանձնայատկութիւնները։ Անցեալ Մարտի 14-ին տեղի ունեցած հիմնարկէքի արարողութեան ժամանակ փոխանցուած մանրամասնութիւններուն ի շարունակութիւն, շատ կարճ ժամանակ վերջ Սարըպայ եւ ընկերները արդէն հերթական անգամ լուսաբանութիւններ տուին ծրագրի ընթացքին կապակցութեամբ։ Սաըրպայ շեշտեց, թէ առաջնահերթութիւն կը տրուի ծերանոցի եւ հիւանդանոցի նոր շէնքի կառուցման։ Այս ուղղութեամբ շուրջ երկու տարուան համբերութիւն մը անհրաժեշտ է, որովհետեւ այժմու կանխատեսումներով 2017-ի առաջին ամիսներուն վերջացած պիտի ըլլայ շինարարութիւնը։ Հիւանդանոցի նոր համալիրը օժտուած պիտի ըլլայ թէ՛ թեքնիկ եւ թէ ֆիզիքական բոլոր հնարաւորութիւններով։ Նոր հնարաւորութիւններու պատկերացման տեսակէտէ կարծես, թէ բաւարար է հաշուի առնել լոկ մակերսները։ Արդարեւ, եթէ Ս. Յակոբ հիւանդանոցի նախկին համալիրը ունէր միայն 3000 քառակուսի մեթր տարածութիւն, ապա նորը պիտի ունենայ 13.000։ Այս համեմատելի տուեալներուն հետ ուղիղ համեմատութիւններու մէջ մօտաւոր ապագային պիտի ընդլայնուին Ս. Յակոբի մատուցած ծառայութիւնները։
Շաբաթավերջի հաւաքոյթի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «Շանսիթի»ի առանձնայատկութիւններուն։ Թէեւ սկզբնական շրջանին որպէս առեւտուրի կեդրոն նախատեսուած էր այս մէկը, սակայն ժամանակի ընթացքին ծրագիրը բարեփոխումներու ենթարկուեցաւ՝ անոր իրագործուելիք շրջանի այժմու իրադրութեան լոյսին տակ։ Այսպէսով, «Շանսիթի»ի շինարարութիւնը յառաջ տարուիլ սկսաւ՝ որպէս ընկերային միջավայրի, մշակոյթի եւ զբօսանքի տարածք։ Համալիրը պիտի ունենայ նաեւ պանդոկի բաժին մը, պիտի ընդգրկէ մշակոյթի կեդրոն մը եւ այդ բոլորը համահունչ են Ս. Յակոբ հիւանդանոցի առաքելութեան ընկերային երեսակին։
Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն առընթեր արտայայտուեցան նաեւ իրաւաբան Ճէմ Չեթին եւ Տուրսուն Էօզպէք։ Զէքիեան Գերապայծառն ալ գոհունակութիւն յայտնեց Տուրսուն Էօզպէքի հետ իր ունեցած տեսակցութեան արդիւնքին շուրջ։ Ան ըսաւ, թէ ինք հազիւ տարիէ մը ի վեր կը պաշտօնավարէ եւ այդ ժամանակաշրջանին իր մտքին մէջ միշտ կային հարցականներ, որոնք այս փուլին այլեւս յաղթահարուած են վերջնականօրէն։ Գերապայծառը օգտակար նկատեց կազմակերպուած հաւաքոյթը եւ առանձնապէս գնահատեց այն կարգադրութիւնը, որով նոր ծերանոցը պիտի ունենայ նաեւ աղօթատուն մը։
Իր կարգին, հոգաբարձուներէն Ֆուատ Սուճուն ալ ընդգծեց, որ իրենք միշտ պատրաստակամ են շինիչ քննադատութիւններէն օգտուելու եւ Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը պէտք է միասնականութեամբ ու եռանդով հետեւի այս գործընթացին։
Հաւաքոյթի աւարտին բոլոր ներկաները հերթական անգամ իրենց գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան նկատմամբ, նաեւ ողջունեցին Vision Europe-ի հետ հաստատուած դրական համագործակցութեան ընթացքը։