ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան Տասը կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի սաները եւս մասնակցեցան Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ այս հոգեպարար արարողութեան՝ ականջալուր ըլլալով օրուայ սուրբ խորհուրդին, Աւետարանական ընթերցումներուն, ինչպէս նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի խրատականին։ Այս առթիւ տէր հայրը մասնաւորապէս անդրադարձաւ «Հրանդ Տինք» դպրոցի առանձնայատուկ առաքելութեան ու փորձեց հայրական ջերմ արտայայտութիւններով խրախուսել սաները, որոնք համեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակները կը հանդիսանան եւ կեանքի դժուարութիւններուն դէմ յամառ պայքար կը մղեն՝ ուսումնառութեան առընթեր։ Տէր հայրը շեշտեց, որ թէ՛ տօնական առիթներով եւ թէ ընդհանրապէս միշտ պէտք է թեւ ու թիկունք կանգնիլ անոնց, որպէսզի տղաքը ապագայի պատրաստուին՝ լաւ ուսումով ու կեանքի նկատմամբ յոյսով, լաւատեսութեամբ։ Խրատականին մէջ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլին մասին, որ տարիներէ ի վեր դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը կը գլխաւորէ ու մեծ զոհողութիւններ յանձն կ՚առնէ՝ անոր առաքելութեան յարատեւութիւնը երաշխաւորելու համար։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին դպրոցի սաները, կրթական մշակներն ու ներկայ բոլոր հաւատացեալները միասնաբար աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան եւ համայն մարդկութեան բարօրութեան համար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022