ՄԻԱՍԵՌԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ

Ցաւ ի սիրտ, անցեալ շաբթուան ընթացքին Հայաստանի մէջ ականատես եղանք, թէ ինչպէս երկու երիտասարդներ՝ մին 16, իսկ միւսը 18 տարեկան ինքզինքնին վար ձգեցին կամուրջէ մը եւ վերջ տուին իրենց երիտասարդ կեանքին: Պարզուեցաւ, թէ երկու արական սեռի պատկանող երիտասարդները սիրահարներ էին՝ միասեռականներ, որոնք հաւանաբար չդիմանալով շրջապատի ճնշումներուն իրենց «սէր»ը անմահացնելու միջոց ընտրած էին ինքնասպանութիւնը՝ որ իրենց համար աւելի զոհողութեան տեսք ունէր յաւիտենականութեան մէջ շարունակելու համար այդ «սէր»ը:

Այս պատահարը պատճառ դարձաւ, որ Հայաստանի մէջ ամէն մարդ սկսի ազատ ձեւով արտայայտուիլ միասեռականութեան մասին՝ ոմանք դրական, իսկ ուրիշներ՝ ժխտական մօտեցումներով:

Շատեր առաջին հերթին մեղադրեցին երիտասարդութիւնն ու նոր սերունդը. պէտք է յըս-տակ ըլլայ, որ միասեռականութիւնը մերօրեայ խնդիր մը չէ. ան եղած է հազարամեակներ առաջ, դարեր առաջ՝ մինչեւ իսկ մեր՝ հայութեանս մէջ եւ այսօր նոր չէ որ ծնունդ կ՚առնէ այդ մէկը. պարզապէս ներկայ աշխարհը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բնական վիճակի մը վերածելու այդ մէկը եւ այդ է պատճառը, որ այսօր շատ աւելի միասեռականներ կը տեսնենք՝ քան երէկ:

Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, որ մեր ինքնասպան հայորդիները ո՛չ առաջինն են եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլան, որովհետեւ կարծուածին չափ դիւրին պիտի չըլլայ բնական տեսքի բերել այդ մէկը մանաւանդ մեր՝ հայկական շրջանակներէն ներս, ուր տակաւին մասամբ գոյութիւն ունի աւանդապաշտ ընտանիքի գաղափարը, ինչ որ նոյնպէս աղաւաղել կը փորձեն:

Ինքնասպան եղող երիտասարդները սկզբնաքայլն են մեզ մտածել տալու յառաջիկային տեղի ունենալիք միասեռական յարաբերութիւններու, ինքնասպանութիւններու, հալածանքներու եւ զգացումներուն մասին լաւապէս մտածելու, որովհետեւ ինչքա՛ն ժամանակը յառաջդիմէ, այնքան աւելիով աճ պիտի արձանագրեն նման դէպքերը, որովհետեւ մենք պիտի չկարենանք առաջքը առնել համաշխարհայնացման, որ մեծագոյն քարոզիչն է միասեռական կեանքին, ինչ որ ո՛չ թէ որպէս զեխութիւն, այլ լայնամտութիւն կը դիտուի շատ մը շրջանակներու կողմէ:

Ինքնասպան եղող այս երիտասարդներու դէպքին կապակցութեամբ կ՚ուզեմ գրի առնել մտածումներս.-

- Շատեր կը մեղադրեն ներկայ երիտասարդութիւնն ու նոր սերունդը. միասեռականութիւնը նոր յայտնուած երեւոյթ մը չէ մեր մէջ, պարզապէս ներկայ աշխարհը կը փորձէ անոր տալ բնական տեսք մը եւ այդ է պատճառը, որ այսօր մեր շուրջ աւելիով միասեռականներ կը տեսնենք՝ քան երէկ:

- Աստուածաշունչի մօտեցումը միասեռականներու նկատմամբ յստակ է եւ անոր լաւագոյն բացատրութիւնը կը գտնուի Ղեւտացւոց 18:22-ին մէջ, ուր կ՚ըսէ. «արուի հետ՝ կնոջ հետ պառկելու պէս չպառկիս. Պղծութիւն է այդ» (Ղւ. 18:22):

- Աւելի քան 1600 տարիներ առաջ մեր՝ հայերուս մէջ դարձեալ կային միասեռականներ եւ անոր մեծագոյն փաստը Յովհան Մանդակունիի ճառերուն 19-րդ գլխուն «ՎԱՍՆ ԱՆԱՍՆԱՄՈԼԱՑ ԵՒ ԻԳԱՑԵԼՈՑ ԵՒ ԱՐՈՒԱԳԻՏԱՑ» խորագրեալ գրութիւնն է, ուր Հայրապետը միասեռականութիւնը գողութենէն, մարդասպանութենէն, աւազակութենէն ու ամէն տեսակ մեղքերէն աւելի պիղծ ու անընդունելի կը նկատէ:

- Աշխարհը կը փորձէ միասեռականութեան կողմնակիցները ներկայացնել որպէս «լայնամիտ» (open minded) անձեր, իսկ միասեռականութիւնը ժխտողները որպէս «հին գլուխ» (close minded) անձնաւորութիւններ եւ նոր սերունդէն շատեր այդ բոլորին քարոզութիւնը ընելու աւելի լայնախոհ ու լայնամիտ ըլլալ թուիլ կը կարծեն, ինչ որ ձգտում մըն է նմանելու եւրոպացիին եւ ամերիկացիին՝ ինքզինք աւելի զարգացած զգալու համար իր շրջապատէն՝ որ աւելի աւանդապաշտ մօտեցում մը ունի այդ բոլորին հանդէպ:

- Իւրաքանչիւրս ունինք թերութիւններ, սակայն ազգովի մասնագէտ ենք ուրիշին թերութեան խոշորացոյցով նայելու, հաւանաբար մեղմացնելու կամ մոռցնել տալու համար մեր թերութիւններն ու բացթողումները:

- Մենք բոլորս ալ կ՚ապրինք ո՛չ թէ մեր՝ այլ ուրիշին համար, որովհետեւ մեզի համար մեր սեփական հանգստութենէն ու ազատութենէն աւելի կարեւորութիւն ունի «շրջապատը ինչ կ՚ըսէ»ն, որովհետեւ մենք մեզ պարտաւոր կը նկատենք շրջապատին հաշուետու ըլլալ եւ շատ անգամ շրջապատին սիրոյն մենք ենք, որ վնաս կը կրենք:

- Կը պատահի, որ 14-18 տարեկան շրջանին տակաւին ոչ հասուն պատանի-երիտասարդը որոշ տարբեր զգացում մը ունենայ իր համասեռ անհատին հանդէպ. որպէս սէր բնորոշուող այդ զգացումը կրնայ սէր չըլլալ, որովհետեւ այդ տարիքի անձի մը համար սէրը վերացական գաղափար մը ըլլալէ անդին ուրիշ բան մը չէ եւ այդ վերացական գաղափարին չգիտութեան պատճառով է, որ իւրաքանչիւր զգացում որպէս սէր կը բնորոշէ: Նման անձեր հասունացման որոշ ժամանակ ետք կրնան ամբողջութեամբ փոխել իրենց ընթացքը եւ այդ բոլորը բնորոշել որպէս պատանեկան-երիտասարդական չգիտութիւն:

- Ճիշդ է, որ ամէն բան սկիզբ կ՚առնէ ընտանիքէն, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ մերօրեայ պատանի-երիտասարդները իրենց ժամանակին մեծ մասը ընտանիքներէն անդին համացանցի մէջ կ՚անցընեն, ուր թակարդներն ու ծուղակները շա՜տ են իրենց արտառոց գաղափարներ քարոզելու: Մերօրեայ նոր սերունդը ընտանեկանին կողքին հասակ կ՚առնէ համացանցային դաստիարակութեամբ մը, ուր մեծ բաժին ունի միասեռականութիւնը:

- Ինքնասպան եղող երիտասարդները պէտք է առիթ հանդիսանան լաւապէս մտածելու եւ այս բոլորին առաջքը առնելու համար, որովհետեւ անոնք ո՛չ վերջինն են եւ դժբախտաբար ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլան: Ընտանիքը, դպրոցն ու եկեղեցին մե՛ծ աշխատանք ունին այս բոլորին առաջքը առնելու եւ յետագայ ողբերգութիւնները կանխելու համար:

- Նման երեւոյթներ շատերու համար լաւագոյն առիթ է այս բոլորին քարոզչութեան զարկ տալու համար. «ազատութիւն» անուան տակ հիմա շատեր դուրս կու գան իրենց զեխ ու տարօրինակ գաղափարներուն համակիրներ գտնելու համար եւ ողբերգութիւնը կը վերածեն պատեհութեան՝ բացորոշ կերպով կատարելու այն՝ ինչ որ գաղտնի կերպով կը կատարեն եւ տարածել կը փորձեն:

- Վերջապէս պէտք է գիտնալ հետաքրքրուիլ ու ապրիլ ՄԻԱՅՆ անձնական կեանքով. եթէ դրացիին աղջիկը 30 տարեկան է ու տակաւին ամուսնացած չէ՝ չի նշանակեր տունը մնացած է. այդ մէկը կրնայ իր սեփական որոշումն ու ընտրութիւնը ըլլալ ու այդ մէկը մեր խառնուելիքը չէ՛. եթէ դրացիին տղան որոշ զգացումներ կը զգայ իր համասեռ անհատին նկատմամբ բամբասելով չէ՛ որ «ճիշդ ճամբան» կը քարոզուի եւ հաւատացէք, որ մեր ազգին մէջ կատարուած ողբերգութիւններուն մեծամասնութիւնը բամբասանքի հետեւանքով է, որ կը կատարուի:

- Վստահ եմ, որ այս երիտասարդներուն մասին պիտի խօսուի 2 օր, հաւանաբար մէկ շաբաթ ու ետքը մոռացութեան տրուի... մինչեւ որ նոր դէպք մը պատահի, որովհետեւ մենք խնդիրներուն մասին միայն խօսիլ կը սիրենք՝ առանց լուծումի մասին մտածելու:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -79-

Մենք յաճախ ունինք այն կարծիքը, որ Եւրոպայի մէջ զեխութիւնը շա՜տ շատ աւելի է՝ քան Միջին Արեւելքի մէջ:

Տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ տարածուեցաւ երկու հայ երիտասարդներու նկարները... զեխութեան պահուն նկարուած: Շատեր փորձեցին տղոց ապագան փրկելու սիրոյն վերացնել այդ նկարները, իսկ ուրիշներ չես գիտեր ինչ հաճոյքով չտեսնողներուն ալ սկսան ցոյց տալ:

Բարեբախտաբար երկու երիտասարդները ինքնասպանութեան չդիմեցին, սակայն արդարացումը նոյնքան ցաւալի էր. երիտասարդը կը պնդէր, թէ Եւրոպայի փողոցներուն մէջ ինչե՜ր կ՚ընեն մարդիկ օր ցերեկով... ու մարդ բան չ՚ըսեր։ Երիտասարդը կը մեղադրէր մարդոց մտայնութիւնը, հին գլուխ կը կոչէր զանոնք ու երանի՜ կու տար Եւրոպայի մէջ լոյս աշխարհ եկած ըլլալուն:

Բարեբախտաբար եւրոպական մի քանի երկիրներ այցելելու պատեհութիւնը ունեցած եմ... ու երբեք փողոցին մէջ «ինչե՜ր ընող»ներու չեմ հանդիպած... այդ «ինչե՜ր»ը պարզապէս մեր մտայնութեան մէջ գոյութիւն ունի կարծես:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2022