ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան թեկնածուները։ Նախընթաց օր Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած են իրենց հոգեւոր կեդրոնը։ Այս այցելութիւնը առիթ ընծայեց խումբին նոր մասնակցող անդամները ճանչնալու, քանի Ֆէրիգիւղ այն թաղը եղաւ, որ այս ընտրութեան կը մասնակցին այժմու թաղային խորհուրդի անդամները, նոր թեկնածուներու մասնակցութեամբ։
Իր կարգին, Մանուկ Էօղէր յանուն թեկնածուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուց իր խումբի նոր անդամները։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց գործունէութեանց մէջ։