Հինգշաբթի 23, Յունուար 2025
«ԿԻՒՄԻՒՇԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԱՅԺՄՈՒ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Կիւմիւշեան» հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Խումբին մաս կը կազմէին թէ՛ այժմու վարչայիններ եւ թէ՛ թեկնածուներ։ Արթուն Թեքիրօղլու յառաջիկայ շրջանին ալ այս հիմնարկի վարչութիւնը գլխաւորելու համար թեկնածու հանդիսացած է՝ շարք մը նոր գործակիցներու հետ։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց «Կիւմիւշեան» հիմնարկի պատասխանատուներն ու թեկնածուները, որոնցմէ տեղեկութիւններ քաղեց յառաջիկայ շրջանի ծրագիրներուն եւ մտադրութիւններուն շուրջ։
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին տուաւ հայրական օրհնութիւնները՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022